ԷՐՏՈՂԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սեւ ծովու ափին գտնուող Ռիզայի նահանգապետի գրասենեակ իր այցելութեան ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, որ «մտավախութիւն ունինք, որ Սուրիոյ մէջ յառաջանան յարանուանական բախումներ, որոնք կրնան երկրին մասնատման առաջնորդել: Չենք ուզեր ատոր պատահիլը տեսնել»:

Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պապը իր կարգին Վատիկանի մէջ մատուցուած պատարագի աւարտէն ետք կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ միասնականութեան ամրապնդման եւ արիւնահեղութեան դադրեցման:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ շաբաթ օր հանդիպում ունեցաւ սուրիացի 32 արուեստագէտներու հետ, որոնց շարքին էին Տորետ Լահհամ եւ Սուզան Նաժմէտին. հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ ընդգծեց «Սուրիոյ կացութեան վերաբերեալ բոլոր կարծիքները յարգելը, այնքան ատեն, որ անոնք հայրենիքի եւ անոր ապագայի ծիրին մէջ են»: Շուրջ չորս ժամ տեւած հանդիպումը կ՛իյնայ բոլոր նահանգներէն եկող տարբեր պատուիրակութեանց հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ` լսելու համար Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութեան եւ անոր յաղթահարման գծով ժողովուրդի տարբեր շերտերուն կարծիքները: Արուեստագէտները իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են երկրին մէջ «բարեփոխումի հոլովոյթին»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ մինչեւ կիրակի առաւօտ անձնատուր եղած խռովարարութեանց մասնակիցներուն թիւը հասած է 6710-ի: Անոնք ազատ արձակուած են «հայրենիքին եւ քաղաքացիին ապահովութեան վնաս պատճառող» արարքներու դարձեալ չմասնակցելու խոստում տալէ ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES