Ազգային Այսահարը
Յիշողութիւնը անհանգստացնող դրացի է:
Կեդրոնականցի Արմենակ, Էլպիսը, Մակարուհին եւ ես, տարի մը առաջ, ամրան առաջին օրերուն նորմանտական ծովափ մը գացած էինք: Երբ ծով ըլլայ, եթէ չլողաք անգամ, ջուր պէտք է իջնել: Ծովափի հսկողութեան տնակի պատին վրայ գրուած էր` 19օ: Հակառակ մեր պնդումներուն` Արմենակ ո՛չ հանուեցաւ եւ ո՛չ ալ ջուր իջաւ: Ըսաւ.
– Ո՛չ կ’իջնեմ կը լողամ, ո՛չ կ’ելլեմ կը դողամ:
Էլպիս քրթմնջաց: Բայց չշարունակեց:
Երեկոյեան, զբօսաշրջիկի յայտագիրը յարգելով, ընթրիքի համար մայթին վրայ երկարած ճաշարան մը գացինք` անխուսափելի փիծծա մը ճաշակելու: Մարդիկ ուտելէ աւելի կը խօսէին: Էլպիսի համադամներուն բաղդատած` ի՜նչ բան է այդ փիծծան:
Մայթին վրայ միայն լեռնէն ձորէն կարելի է խօսիլ: Բայց այդ օրէնքը ի զօրու չէ Արմենակի պարագային, որ չէ բուժուած ազգին ցաւերով տառապելէ:
– Մակա՛ր, ուրբաթ օր հանդիսութեան մը հրաւիրուած էինք:
– Լաւ կ’ընէք, մարդ կը տեսնէք, մեզի պէս ճգնաւոր չէք ըլլար,- ըսաւ Մակարուհին զիս մատնանիշ ընելով:
Արմենակ չլսել ձեւացուց եւ շարունակեց.
– Մանկապարտէզի հանդէսի պէս մէկը արտասանեց, ուրիշ մը երգեց, եւ ծափահարեցին: Վերջապէս պարոն մի ոմն բեմ հրաւիրուեցաւ, իր տիտղոսներու եւ բարեմասնութիւններու յիշեցումէն ետք: Մտածեցի, որ շնորհքով բաներ մը պիտի լսէի: Բարեմասնութիւններու կրողը, բոլորին ծանօթ քանի մը խօսքէ ետք, անխուսափելի «թուրք», «Թուրքիա» եւ «ցեղասպանութիւն» բառերը նոթաներով կրկնելէ ետք, յանկարծ փրփրեցաւ, սկսաւ գալարուիլ, չեմ գիտեր շրթներուն եզերքը փրփուր եղաւ թէ ոչ, իրապէս վախցայ: Ես ինծի ըսի, թէ ինչո՞ւ այս լուսնոտը չարչարելու համար բեմ հանած էին, աւելի լաւ կ’ընէին բժիշկի տանելով: Ան շարունակեց քրտնած ճակատէն մազերը հեռացնելով խօսիլ, բռունցք ճօճեց աշխարհի բոլոր երկիրներուն դէմ: Եթէ ուժասպառ եղած չըլլար, դեռ պիտի խօսէր: Չհասկցայ, թէ ի՞նչ հասկցան եւ ինչո՞ւ ծափահարեցին: Երբ ժողովուրդին հետ սրահէն կ’ելլէինք, նկատեցի, որ բեմին վրայ գալարուողը հոն էր, ոմանք զինք կը շնորհաւորէին, ինք ալ ուրիշներու կը հարցնէր` «ինչպէ՞ս գտաք»:
– Վստա՞հ էք, որ հանդիսութեան գացած էինք, շփոթելով` թատրոն չէիք գացած,- քմծիծաղով հարցուց Մակարուհին:
Էլպիս վրէժ լուծելու շեշտով եզրակացուց.
– Գիտէ պատահելիքը եւ կ’երթայ, կը դժգոհի եւ կ’երթայ: Երբ ջուր իջնելու հարց ըլլայ, խելօք կը դառնայ եւ կ’ըսէ, «ոչ կ’իջնեմ կը լողամ եւ ոչ կ’ելլեմ կը դողամ», աւելի լաւ չ’ըլլա՞ր, որ օր մըն ալ ըսէ, «ո՛չ կ’երթամ կը լսեմ, ո՛չ ալ յետոյ կը տրտնջամ»:
Էլպիս իմաստուն է, բայց երբեք կարգի պիտի չբերէ Կեդրոնականցի Արմենակը:
Եթէ Արմենակներ կարգի գան, սրահները դատարկութեան արձագանգ կու տան: Լաւ որ կան, ապա թէ ոչ այսահարները անձնասպան կ’ըլլան: Ազգի իրաւունքները պաշտպանելու համար քուէները կը պակսին:
Մակար, ի Համմուտի Աշտարակ, 15 մարտ 2013

