Մեծ Պահքի Շրջանի Աւանդական Ուխտագնացութիւն Պոլիսէն Դէպի Կեսարիա, Ալեքսանտրեթ, Սամանտաղ

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

7 մարտ 2013, հինգշաբթի , գիշերուան ժամերուն աւելի քան 150 պոլսահայերու խումբ մը, Պոլիսէն  ցամաքի ճամբով ճամբորդելով դէպի Կեսաիա, Ալեքսանտրեթ, Սամանտաղ, Մեծ պահոց աւանդական ուխտագնացութեան  սկսաւ: Խումբին  մաս կը կազմէին նաեւ Քանատայէն ու  Գերմանիայէն եկող հայեր:

Ուխտագնացութեան Առաջին Կայանը`
Կեսարիոյ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ուխտաւորները 8 մարտ 2013-ին ուրբաթ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասան Կեսարիա: Նոյն առաւօտ արդէն Կեսարիա հասած էին նաեւ Սահակ եպս. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ հոգեւորականներ` Գրիգոր Աւ. քհնյ. Տամատեան,  Գէորգ քհնյ. Չնարեան, Տրդատ քհնյ. Ուզունեան,  Արթուն սրկ. Տամատեան:Երբ ուխտաւորները Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի հասան, արդէն եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուէր կանոնական ժամերգութիւն:

Ժամերգութենէ ետք ժամը 10.00-ին եկեղեցւոյ զանգը կ՛աւետէր Ս. պատարագի սկիզբը: Ս. պատարագը մատոյց Գրիգոր Աւ. քհնյ. Տամատեան: Ս. սեղանին սպասարկեցին Արթուն սրկ. Տամատեան եւ կիսասարկաւագներ ու դպիրներ: Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու եւ ուխտաւորներու կողմէ` առաջնորդութեամբ Տրդատ քհնյ. Ուզունեանի: Ճաշու գիրքը կարդաց Սահակ սրբազան հայրը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց հանդիսապետ սրբազան հայրը` ողջունելով ուխտաւոր ժողովուրդը: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Կեսարիոյ կարեւորութեան, որ եղած էր մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր շինութեան օրրանը: Ընդգծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վարքին կարեւոր երեսները, շեշտեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հաստատ եւ զօրաւոր հաւատքը, որով կրցած էր չուրանալ Քրիստոսը եւ դիմադրել արքայական հրամանին, որ կը պարտադրէր կուռքեր պաշտել: Ան սիրով յանձն առած էր չարչարանքներու ենթարկուիլ եւ Խոր Վիրապ նետուիլ: Սակայն աստուածային տնօրինութիւնն էր, որ ան խաւարէն դուրս  պիտի գար եւ մեր ժողովուրդը լուսաւորէր Ս. Աւետարանի քարոզութեամբ:

Քարոզիչ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Ծխական խորհուրդի անդամներուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան, պայծառ կը պահէին Կեսարիոյ մեր աղօթքի տունը` ի նշան հաւատարմութեան մեր ժողովուրդի հոգեւոր արմատներուն: Շնորհակալութիւն յայտնեց Կեսարիոյ պետական աւագանիին` գլխաւորութեամբ Կեսարիոյ կուսակալին:

Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կեսարիոյ թեմի հանգուցեալ առաջնորդներուն, հոգեւոր հայրերուն եւ ժողովուրդին հոգիներուն խաղաղութեան համար:

 

 

 

 

 

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ մեկնեցան դէպի Կեսարիոյ հայոց գերեզմանատունը: Այստեղ եւս հոգհանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան գերեզմանատան մէջ ամփոփուած հանգուցեալները:

Հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներու խումբը նոյն օր ճամբայ ելաւ դէպի Ալեքսանտրեթ:

Հոգեւորականներու  ու ուխտաւորներու խումբը ճամբորդեց հանրաշարժով եւ գիշերուան ժամերուն  հասաւ Ալեքսանտրեթ, ուր հոգեւորական դասը դիմաւորուեցաւ Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի եւ տեղւոյն ծխական խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի եւ փոխատենապետ Միքայէլ Թապաշեանի կողմէ: Հոգեւորականներու եւ ուխտաւորներու խումբը իջեւանեցաւ քաղաքի պանդոկներուն մէջ եւ միասնական ընթրիքէ ետք գիշերուան հանգիստի անցաւ, յաջորդ օրուայ  Ալեքսանտրեթի Քառասնից  Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք Սուրբ պատարագի  եւ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ նաեւ եկեղեցւոյ երէցին` Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի զաւակին մկրտութեան արարողութեան ներկայ գտնուելու համար:

Մեծ Պահոց Աւանդական Ուխտագնացութիւն
Եի
Անուան Տօնախմբութիւն
Ալեքսանտրեթի
Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պոլիսէն Ալեքսանտրեթ ժամանած ուխտաւորներու խումբը, Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի միաբաններէն` Սահակ եպս. Մաշալեանի գլխաւորած հոգեւորականներուն ընկերակցութեամբ , ուխտագնացութեան երկրորդ օրը` 9 մարտ 2013 շաբաթ առաւօտ հասաւ, Ալեքսանտրեթի մասնակցելու համար Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ  տեղի ունենալիք  եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան  եւ Ս.  պատարագին: Ժամը 08:30-ին սկսաւ ժամերգութիւնը: Ս. պատարագը մատուցանեց Սահակ եպս. Մաշալեան` առընթերակայութեամբ`  Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեանի: Ս. սեղանին սպասարկեցին Արթուն սրկ. Տամատեան,  կիսասարկաւագներ ու դպիրներ: Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու եւ ուխտաւորներու կողմէ, առաջնորդութեամբ  Տրդատ քհնյ. Ուզունեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Էտվին Յարութիւն Կալիպեանի: Ուրախացուցիչ էր տեսնել Ալեքսանտրեթի ժողովուրդէն շուրջ տասը պատանիներու մասնակցութիւնը Ս. պատարագի երգեցողութեան: Անոնք մարզուած էին տեղւոյն երէց Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի ջանքերով:

Ըստ ծխական խուրհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի եւ փոխատենապետ Միքայէլ Թապաշեանի տուած տեղեկութիւններուն , ներկայիս Ալեքսանտրեթի մէջ կ՛ապրին  մօտ 30 հայ ընտանիքներ այսինքն Ալեքսանտրեթի մէջ  95 հայ կ՛ապրի, համայնքը շատ մօտ անցեալին մէջ հոգեւորական մը չունէր,  այս պատճառով համայնքը եկեղեցական ու մշակութային գործունէութեան  տեսակէտէ  գործօն ու  աշխուժ չէր: Երբ  համայնքը հոգեւոր հովիւով մը օժտուեցաւ` յանձին տէր հօր   Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի, շնորհիւ անոր բեղուն ու ժրաջան աշխատանքներուն` համայնքը սկսաւ ծաղկիլ ու աշխուժանալ:

 

 

 

 

 

 

 

 

Տէր  հայրը, որ որդին է Ծխական խորհուրդի փոխատենապետ Միքայէլ Թապաշեանի, կարճ ժամանակի մէջ լծուեր է եկեղեցաշէն աշխատանքի, յաջողեր է կազմել պատանիներու եւ երիտասարդներու մասնակցութեամբ  եկեղեցական երգչախումբ մը,շաբաթը երկու անգամ համայնքայիններուն մայրենի` հայրերէն կը դասաւանդէ, կը ծաւալէ շնորհալի ու գնահատելի աշխատանքներ ու սիրուած է, համայնքայիններու կողմէ: Տէր հայրը հոգեւոր հովիւն է նաեւ դրացի երկու հայ համայնքներու` Վագըֆ գիւղի ու Գըրգհանի :

Յընթացս Ս. պատարագի, Ճաշու գիրքի ընթերցումը կատարեց Տրդատ քահանան, իսկ Ճաշու Աւետարանը կարդաց եւ Ս. Ընծայից վերաբերումը կատարեց Գրիգոր Ա. քահանան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց պատարագիչ սրբազան հայրը` փառք տալով Ամենակալին, որ հասած էինք Ալեքսանտրեթ: Նախ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ երէց Աւետիս քահանան, որ լծուած էր եկեղեցաշէն գործունէութեան: Այդ ծառայութիւնը արդէն իսկ սկսած էր իր պտուղները տալ: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նաեւ Ալեքսանտրեթի ծխական խորհուրդին անդամները: Սրբազան հայրը ալեքսանտրեթաբնակ հայ ժողովուրդին փոխանցեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին հայրական ողջոյնները: Բացատրեց Ս. Քառասուն Մանուկներու վարքը: Ապա անդրադարձաւ աստուածասիրութեան գաղափարին: Քառասուն մանուկներ, որոնք իսկութեան մէջ հռոմէական բանակին մէջ քրիստոնեայ զինուորներ էին, ցոյց տուած էին, թէ Աստուծոյ սէրը կը գերադասէին նոյնիսկ իրենց երիտասարդութենէն, հանգիստէն եւ իրենց համար խոստացուած պատիւներէն, իրենց կեանքը զոհելու աստիճան: Սրբազան հայրը իբրեւ օրինակ ներկայացուց նաեւ Աբրահամ Նահապետը, որ իր յառաջացեալ տարիքին ունեցած իր զաւակը` Իսահակը առանց պահ մը իսկ վարանելու յանձն առած էր Աստուծոյ համար զոհել:

Մաղթեց, որ այս ուխտագնացութիւնը աւելցնէ Աստուծոյ նկատմամբ մեր սէրը եւ զօրացնէ մեր հաւատքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յետհոգեհանգստեան պաշտօնի, կատարուեցաւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի անդրանիկ որդւոյն մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդը: Երեխան Մեսրոպ Մինաս անունով մկրտուեցաւ, սրբալոյս միւռոնով դրոշմուեցաւ Սահակ եպիսկոպոսին ձեռամբ:

Հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ շնորհաւորեցին Աւետիս քհնյ. Թապաշեանը եւ երէցկին Հայկանը` փոքրիկն Մեսրոպ Մինասին մաղթելով քաջառողջ եւ աստուածային շնորհներով առատացած կեանք մը:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ համախմբուեցան Ալեքսանտրեթի գերեզմանատան Հայկական բաժնին մէջ: Սահակ եպս. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգիստեան պաշտօն` գերեզմանատան մէջ ամփոփուած ննջեցեալ հաւատացեալներու հոգւոցն ի հանգիստ:

Ատենապետ Կարպիս Քըսատուր շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած արարողութեանց համար որոնք, շէնցուցած էին Ալեքսանտրեթի եկեղեցին: Սրբազան հայրը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Ծխական խորհուրդին աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար: Այսպէս իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութեան Ալեքսանտրեթի մասը:

Հոգեւոր հայրերը եւ ուխտաւորներուն խումբը հանրաշարժով ճամբայ ելան դէպի Անտիոք:

Հոգեւորականներու ու ուխտաւորներուն խումբը նոյն օրը, յետմիջօրէին հասաւ Անտիոք:

Ուխտագնացութեան Վերջին Կայանը`
Վագըֆ
Գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին

 

 

 

Ուխտագնացութեան  վերջին  կայանը, Սամանտաղ-Վագըֆ գիւղն էր, 10 մարտ,  2013, կիրակի առաւօտ ուխտաւորները փութացին ներկայ գտնուելու Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութեանց, որոնք պիտի սկսէին ժամը 8:30-ին, որոնց աւարտին գոց վարագոյրով Ս. պատարագ մատուցուեցաւ` ձեռամբ շրջանի հեգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի:

Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու, ուխտաւոր դպիրներու եւ գիւղաբնակ մանուկներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեանի:

Յաւարտ Ս. պատարագի, կատարուեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Արեւագալի արարողութեան աւարտին քարոզեց հանդիսապետ սրբազան հայրը` փառք տալով Ամենակալին, որ հասած էինք ուխտագնացութեան մեր վերջին կայանը` Վագըֆ գիւղ: Սրբազան հայրը նշեց եկեղեցւոյ երէց Աւետիս քահանային աշխատանքը: Նշեց նաեւ Վագըֆ գիւղի կարեւորութիւնը, որ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղն է իր բարքերով եւ սովորութիւններով: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նաեւ Վագըֆ գիւղին ծխական խորհուրդին անդամները` գլխաւորութեամբ` ատենապետ Ճեմ Չափարի, ինչպէս նաեւ` գիւղապետ Պերճ Քարթունի: Սրբազան հայրը բացատրեց Դատաւորի առակը ու անդրադարձաւ աղօթքի կարեւութեան: Յատկապէս շեշտեց, թէ պէտք էր աղօթքի կեանք ունենալ եւ այդ աղօթքներուն մէջ յարատեւել: Նոյնիսկ պէտք է աղօթել այն պահերուն, երբ տրամադրութիւն չենք ունենար աղօթելու: Պէտք է յաղթենք մեր անտրամադիր կեցուածքին, աղօթքով մօտենանք առ Աստուած:

Սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլիսէն ուխտագնացութեան մասնակից հոգեւորականներուն, սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ ուխտաւորներուն: Սրբազան հայրը մաղթեց նաեւ, որ այս ուխտագնացութիւնը առիթ մը ըլլայ Աստուծոյ աւելի մօտենալու եւ Աստուծոյ խօսքին աւելի կարեւորութիւն ընծայելու:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Արեւագալի ժամերգութենէն ետք կազմուած թափօրը այցելեց գիւղին գերեզմանատունը: Այստեղ հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ բոլորուեցան գիւղի երբեմնի աւագերէցներուն Ղեւոնդ Ա. քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Ա. քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն շուրջ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` գիւղի գերեզմանատան մէջ ննջող համայն հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու պարագաներու հոգւոցն ի հանգիստ:

Արարողութեանց աւարտին ուխտաւորներ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Ծխական խորհուրդին կողմէ հիւրասիրուեցան ցորեն եւ ոսպի պահոց ճաշով:

Ըստ գիւղապետ Պերճ Քարթունի փոխանցած տուեալներուն ներկայիս գիւղին մէջ կ՛ապրին շուրջ 140 հայեր, իսկ գիւղին երէցագոյն բնակիչն է  90-ամեայ Աւետիս Տեմիրճի:

Այս ձեւով  աւարտեցաւ ուխտագնացութիւնը, ուխտաւորներէն մաս մը նոյն օրը գիշերային ժամերուն վերադարձաւ Պոլիս, իսկ ուրիշ մաս մըն ալ` դէպի Մարտին, Ուրֆա, Տիգրանակերտ շարունակեց իր ճանապարհորդութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES