Մրցանակաբաշխութիւն «Հայապահպանութեան Գործում Նշանակալի Աւանդ Ունեցողների»

Ամփոփուեցան 2012 թուականի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ համաշխարհային քոնկրեսի «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները, ուր «Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգով մրցոյթին Սփիւռքէն ներկայացուած 144 յայտերու մանրակրկիտ ուսումնասիրութենէն ետք, մրցոյթի յանձնաժողովին որոշմամբ առաջին հանդիսացաւ Սուրիայէն Սօսէ Խորէնի Փիլաւճեանը` արժանանալով առաջին կարգի վկայականի:

5 մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր մրցանակաբաշխութեան ընթացքին նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր արտասանած խօսքին ընթացքին, սփիւռքի մէջ գործող անձնուրաց ուսուցիչներու հասցէին դրուատանքի խօսքերու կողքին, անդրադարձաւ գաղթաշխարհի մէջ առկայ ուծացման վտանգին եւ զայն կանխարգիլելու ուղիներ գտնելու կարեւորութեան մասին.

«Այսօր մեր ամենադաժան եւ ամենահրէշային թշնամին ուծացումն է, առ այդ, օտար հողում հայապահպանութեան երաշխիքը, գրաւականը հայոց լեզուն է», ըսելով` եզրափակեց խօսքը:

Աւարտին տեղի ունեցած վկայականաց բաշխման հանդիսութեան գիտակրթական ծրագրի բաժնի պետ Սիրվարդ Համպարեանը մասնակիցներուն գնահատական խօսքեր շռայլեց` ըսելով. «Ձեր հայապահպանական իւրաքանչիւր գործ արժանի է խրախուսանքի, հայրենական կառավարութեան պարգեւը առաւել կ՛ոգեւորի ձեզ եւ կը մղի օտար ափերում հային հայ պահելու սրբազան գործի նոր նախաձեռնութիւնների»:

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES