Կոտրել Պատեանը
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ
«Ակօս»-ի հայերէն էջերու խմբագիր Սարգիս Սերովբեան Լիբանանէն հաղորդուող «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին կ՛ըսէ, թէ` «այսօր պոլսահայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած է բազմաթիւ հարցերու, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ քաղաքացիական արիութիւն ցոյց տալը…»:
«Քաղաքացիական արիութիւն». Հասկացողութիւն մը, որմէ առհասարակ ետ կեցած ենք: Հակառակը թելադրած են մեր հաւաքականութեան խորհրդատուները: Անոնք փորձուելով բազմաթիւ փորձանքներէ` ամբողջ հանրապետութեան շրջանին ապահով գտան հաստ պատեանի մը մէջ գոյատեւելը: Կարծեցին, որ այդ պատեանին մէջ անտեսանելի մնալով` աւելի քիչ կը վնասուինք: Հետեւանքը ցոյց տուաւ, որ բնազդաբար մեր վրայ քաշուած այդ պատեանը այնքան ալ ապահով չէր: Չէր, քանի որ իշխանութեան չար միտքը գիտէր, թէ ի՛նչ կար այդ պատեանին տակ, եւ ամէն առիթով կը փորձէր վնաս հասցնել անոր տակ ապաստանածներուն:
Այդ վնասները մեզի հասան նախ քաղաքական միտքի սնանկացումով, ապա վրայ հասաւ իբր թէ պատեանին տակ մեզ պահպանել ջանացածներուն կորուստը: Օրինակի համար, հայախօսութենէ դադրեցանք այդ պատեանին տակ: Մեր տոհմին յատուկ անուններէն հրաժարեցանք այդ պատեանին տակ: Այն, ինչ պահել, խնայել պիտի ջանայինք, մի առ մի կորսնցուցինք: Մեր դպրոցները, աշակերտը յաճախորդ կարծելով եւ աւելի շատ յաճախորդ ունենալու մարմաջով կորսնցուցին իրենց առաքելութիւնը: Նոյնը ըրին մեր եկեղեցիները իրենց հօտերուն նկատմամբ:
Այս բոլորին մէջ խանգարուեցաւ նաեւ հայ ընտանիքի աւանդական հասկացողութիւնը: Նման այլասերում մը ինքնաբերաբար պիտի բերէր արտագաղթի ախտը, որ կրկնակիօրէն վնասեց պատեանին տակ պահուըտած հաւաքականութիւնը: Եւ որովհետեւ թանձր էր մեզ պատող պատեանը, աշխարհը ընկալեցինք իր մէջ միայն: Չնկատեցինք, որ դուրսը ինչե՜ր կ՛անցնին, կը դառնան: Թէեւ գտնուեցան պատեանին արտաքինով հետաքրքրուող մարդիկ, բայց անոնք ալ այդ հետաքրքրութեամբ մատնուեցան դուրսի հոսանքին եւ լքեցին պատեանը:
Վերջին քսան տարիներուն մեր հաւաքականութեան կարեւոր մէկ մասը պատեանէն դուրս կու գայ` առանց հոն մնացածներուն հետ իր կապը խզելու: Այս վերջինները կարելի է «պահանջատէրեր» անուանել: Անոնք հաշիւ ունին դուրսիններուն հետ: Եւ քանի զօրեղ կ՛ելլէ իրենց ձայնը, նոյն համեմատութեամբ արձագանգ կը գտնեն դուրսի լայն աշխարհէն: Սերովբեանի «քաղաքացիական արիութիւն» կոչածը ահա ա՛յդ պահանջատիրութիւնն է, որուն պատճառով կարելի է վնասներ կրել, բայց անկարելի է ոչնչանալ:
Հազիւ մեր գլուխները պատեանէն դուրս հանած` տեսանք, թէ բաւական հաշիւներ ունինք դուրսը: Նախ եւ առաջ ունինք 90 տարուան կորսուած քոյրեր ու եղբայրներ, որոնք այդքան տարիներ մեզ կը փնտռէին ու չէին կրնար հաղորդակցիլ, պարզապէս` մեզ պատող անթափանց պատեանին պատճառով: Հիմա որ մենք դուրս եկած ենք, ունեցանք իրենց հետ հաղորդուելու բախտը, բայց ափսոս, որ դեռ պատեանին մէջ կան շա՜տ շատեր, որոնք ի գին մեր ապահովութեան` կառչած են մեր ոտքերուն եւ խորհուրդ կու տան, որ շատ ալ չբացուինք:
Գիտենք, որ աւելի վտանգաւոր է պատեանին տակ օր ըստ օրէ նուազիլ, ոչնչանալ, քան դուրս գալով` քաղաքացիական արիութեան պատճառով վնասուիլ:
Նախընտրեցինք կեղեւի մէջ փճացող ընկոյզ մը ըլլալու փոխարէն` համեղ ուտեստ մը ըլլալ:

