Նամականի
Պատուարժան խմբագրութիւն
«Ազդակ» օրաթերթի
Պէյրութ
Զիս ճանչցողները գիտեն, թէ իբրեւ հայատառ մամուլի բարեկամ, որ աստիճան կը գնահատեմ մամուլի ընտանիքին մաս կազմողներուն բոլորանուէր աշխատանքն ու վատնած ճիգը:
Թէ ինչո՞ւ պէտք կը զգամ նման վստահեցումի, պարզ է, չեմ փափաքիր, որ հետագայ տողերով կատարելիք յստակացումս նկատուի կամ ընկալուի իբրեւ քննադատութիւն: Յստակացումը կը կատարեմ սկզբունքային մտահոգութիւններէ մեկնելով,
«Ազդակ» օրաթերթի հինգշաբթի, 21 մարտ 2013 թուակիր համարի 3-րդ էջին մէջ լոյս տեսած «Յակոբ Պալեան եւ Կարօ Աբրահամեան ներկայացուցին Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն» Ալպոմը» խորագրեալ թղթակցութեան ընթերցողներէն կը խնդրեմ նկատի ունենալ հետեւեալը.
ա.- Թղթակցութեան մէջ գրուած է.
«… մէջբերելով պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի այն կարծիքը, ըստ որուն, «լուսանկարչութիւնը 7-րդ արուեստ է»:
Կը մէջբերեմ բանախօսութեանս բնագիրէն` «Շարժանկարը ընդունուած է իբրեւ 7-րդ արուեստ: Զարմանալիօրէն, լուսանկարչութեան մասին նոյնպիսի հաստատում մը չէ կատարուած: Ժամանակակից լուսանկարչութեան մեծագոյն վարպետներէն` պոլսահայ Արա Կիւլեր չ՛ընդունիր, որ լուսանկարչութիւնը արուեստ է»:
բ.- Պոլսահայ հանրածանօթ կայսերական լուսանկարիչ եղբայրներուն անունները պէտք է ըլլան Վիգէն, Յովսէփ եւ Գէորգ Ապտուլլահ(եան) եղբայրներ (եւ ոչ իբրեւ Վիգէն եւ Յովսէփ), որոնք ճանչցուած են «Ապտուլլահ Պիրատէրլէր» (եւ ոչ իբրեւ «Պիրետեր») եւ «Ապտուլլահ Ֆրեր» անուններով ալ:
գ.- Գալուստ Պապեանի հատորին հայերէն յառաջաբանը գրողն է Կարօ Արմէնեան, իսկ խմբագրողն է «Հորիզոն»-ի նախկին խմբագիր Վրէժ-Արմէն:
դ.- Գրական հանդիպումին ընթացքին Դաւիթ Պոյաճեանի (ծանօթ իբրեւ «ֆոթօ Տէյվիտ») անունը յիշեցի ոչ իբրեւ լիբանանահայ լուսանկարչութեան հոյլին (բաւական երկար ցանկ մըն է) մաս կազմելուն պատճառով, այլ իր հարուստ արխիւին (մանաւանդ «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբի գործունէութիւնը վաւերագրող լուսանկարներուն) մասին հարցադրելով: Նոյնը նաեւ արուեստագէտ լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանի եւ բազմաթիւ ուրիշներու պարագային: Այս առիթով հրապարակային հարցադրում մըն ալ կատարեցի, թէ այսօր ո՞վ կը հետաքրքրուի Լիբանանի սահմաններէն դուրս եկած հանրածանօթ արուեստագէտ լուսանկարիչներու հարուստ արխիւներով:
Բնաւ պիտի չփափաքէի, որ լուսանկարիչ իմ բարեկամներս նեղութիւն զգան, թէ իրենցմէ մէկուն կամ միւսին անունը մոռացութեան տրուեցաւ: Ընդհակառակն` կ՛արժէ, որ միասնաբար մտածենք լիբանանահայ գաղութի տաղանդաւոր լուսանկարիչներուն բարձրամակարդակ արուեստն ու արհեստը հանրութեան ներկայացնող հրատարակութեան մը ուղղութեամբ:
Կ՛արժէ, որ «Բագին»-ի խմբագրատան նեղ պատերուն ներքեւ կայացած զրոյցը եւ այդ զրոյցին ընթացքին արծարծուած մտահոգութիւնները արձագանգ գտնեն տարբեր շրջանակներու մէջ ալ:
Յարգանքներով`
ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Յ. Գ.- «Ֆոթօ Մանուկ»-ի լուսանկարչական սթիւտիոն կը գտնուէր Պէյրութի կեդրոնը եւ ոչ թէ Պուրճ Համուտ:

