Մանկական Երգերու Մեկնաբան Թալին Հայերէն Երգերով Հայ Մանուկներուն Պարգեւեց Ուրախութիւն Եւ Ստեղծեց Խանդավառ Մթնոլորտ
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, երէկ` ուրբաթ, 22 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրով Լիբանան ժամանած մանկական երգերու մեկնաբան Թալինին համերգը` ներկայութեամբ հարիւրաւոր հայ մանուկներու եւ ծնողներու:
Երգահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Շողիկ Եփրեմեան, որ անդրադարձաւ մանուկներուն մօտ հայ երգը տարածելու կարեւորութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Ապա Թալին աւելի քան մէկուկէս ժամուան ընթացքին երկու բաժինով երգեց մանկական հայերէն երգեր` ստեղծելով հայ երգին նկատմամբ խանդավառութիւն, ինչպէս նաեւ հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտ: Թալինին տիպարներով եւ պարերով կ՛ընկերակցէին Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզէն խումբ մը ուսուցչուհիներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի պարախումբի փոքր խումբէն անդամներ:
Յայտնենք, որ Թալին այսօր պիտի ունենայ իր երկրորդ եւ վերջին ելոյթը` միեւնոյն վայրին մէջ եւ միեւնոյն ժամուն:

