«Կոկիկեան» Համալսարանական Կրթական Հիմնադրամի Տնօրէնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ուրբաթ, 22 մարտ 2013-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց «Կոկիկեան» համալսարանական կրթանպաստի տնօրէն Սուհէյլա Հայէքը: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահել յիշեալ հիմնադրամի գործունէութեան մասին եւ լսել իր թելադրութիւնները:

Յայտնենք, որ յիշեալ հիմնադրամի հաստատման մէջ վեհափառը կարեւոր դեր ունեցաւ եւ հիմնադրամը հաստատող Միշել Կոկիկեան մնայուն կապի մէջ է վեհափառ հայրապետին հետ: Հիմնադրամին նպատակն է լման կրթանպաստ յատկացնել բոլոր հայ ուսանողներուն, որոնք կ՛ընտրեն հանրային ծառայութեան առնչուած նիւթեր, ինչպէս օրինակ` քաղաքական գիտութիւն, միջազգային օրէնսգիտութիւն, հանրային առողջապահութիւն, տնտեսագիտութիւն եւ այլն: Ներկայիս 17 հայ ուսանողներ կ՛օգտուին յիշեալ հիմնադրամէն:

Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հիմնադրամի գործունէութեան գծով եւ քաջալերեց, որ ուսման ատակ մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները օգտուին հիմնադրամին ընձեռած կարելիութիւններէն` բնականաբար լրացնելով կրթանպաստ ստանալու պայմանները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES