Գերմանացի Փրոֆեսէօրներ Եւ Համալսարանական Ուսանողներ` Անթիլիասի Մէջ
Ուրբաթ, 22 մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանք այցելեցին յատուկ առաքելութեամբ Լիբանան գտնուող Գերմանիոյ տարբեր համալսարաններէն խումբ մը դասախօսներ եւ ուսանողներ: Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հետ գործակցաբար կազմակերպուած յիշեալ այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան եւ անկէ յառաջացող մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:
Շուրջ քառասուն հոգիներէ բաղկացած խումբին մէջ կային քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, ինչպէս նաեւ թուրքեր: Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան լայն ծանօթութիւններ տուին պատուիրակութեան հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հայ-իսլամ գոյակցութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
CATEGORIES Գաղութային

