Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Տնօրէնը

Ուրբաթ, 22 մարտ 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը` ընկերակցութեամբ կաթողիկոսարանի մատենադարանի տնօրէն Տիրայր արք. Փանոսեանի եւ Հայկազեան համալսարանի սփիւռքագիտութեան բաժանմունքի վարիչ Անդրանիկ Տագէսեանի:

Զարգարեան վեհափառ հայրապետին զեկուցեց  Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ կատարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ նոր ծրագիրներուն մասին: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ յատուկ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Ազգային գրադարանին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանին միջեւ: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ողջունեց Ազգային գրադարանի գործունէութիւնը` շեշտելով, թէ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայել Հայաստանի մէջ մշակոյթի ու կրթութեան մարզերուն: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդգծեց գործակցութեան յատուկ կարեւորութիւնը Ազգային գրադարանին եւ սփիւռքի գրադարաններուն միջեւ` վեր առնելով մեր մշակութային ժառանգը պահելու ու պահպանելու եւ աւելի զարգացնելու հրամայականը:

Share this Article
CATEGORIES