Լիբանանահայ Գործարարներուն Հետ Արցախի Վարչապետին Հանդիպումները Շարունակուեցան

Երէկ Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ շարունակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հանդիպումները լիբանանահայ գործարարներուն հետ` Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ընկերութեան ծրագիրներու ծանօթացման շրջագիծին մէջ:

Երէկ հանդիպումներուն մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան եւ նախկին նախարար Աբրահամ Տէտէեան:

Երէկ աւելի մանրամասն ներկայացուեցան Արցախի մէջ նախատեսուող բնակարանաշինական ծրագիրները: Ազգային առաջնորդարանը եւ կարգ մը ազգային կառոյցներ ու անհատներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս ծրագիրներուն: Յայտարարուեցաւ, որ ապահովուելիք խոստացուած գումարներով արդէն իսկ կարելի է նախաձեռնել «ԱՌԻ տուն» ծրագիրի ծիրին մէջ 50 տուն կառուցելու Ա. փուլին: Այս առիթով ալ կարկանդակ հատուեցաւ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES