Տնտեսական Տագնապի Նախանշանով` Սուրիական Թղթոսկին Կը Նահանջէ. Սուրիոյ Ապահովական Զարգացումները Կը Սպառնան Իսրայէլ – Սուրիա 1974-ի Զինադադարին

Ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը վկայակոչելով հաղորդեց, որ սուրիական ապահովական իրադարձութիւնները գլխաւոր մարտահրաւէր մը կը ներկայացնեն եւ կը սպառնան խախտել Սուրիոյ ու Իսրայէլի միջեւ 1974-ին կնքուած զինադադարը: Ըստ նոյն աղբիւրին, սուրիական ուժեր վերջին ամիսներուն ընդդիմադիր ուժերու հետապնդման գծով իրենց յարձակումներուն ընթացքին Կոլանի բարձունքներուն մէջ թափանցած են ՄԱԿ-ի հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններ, ինչ որ «աննախընթաց վտանգաւոր քայլ է»:

Միւս կողմէ, սուրիական իրադարձութեանց վերջին զարգացումներուն ծիրին մէջ, ծագումով պաղեստինցի սուրիացիներ ցոյց մը կազմակերպեցին Եարմուք գաղթակայանին մէջ` առ ի զօրակցութիւն սուրիական բանակին:

Իսկ Սուրիական ընդդիմութեան եւ յեղափոխական ուժերու ազգային համախմբումը բուռն կերպով քննադատեց նախանցեալ երեկոյ շէյխ Պութիի դէմ կատարուած Դամասկոսի Մազրաա շրջանի պայթումը` զայն վերագրելով նախագահ Ասատի հետեւորդներու մէկ նոր քայլին: Համախմբումը համայն աշխարհին կոչ ուղղեց վերջ տալու Սուրիոյ մէջ շարունակուող սպանդներուն:

Իրլանտայի արտաքին հարցերու նախարար Էյմոն Կիլմոր կոչ ուղղեց քաղաքական խաղաղ լուծում գտնելու Սուրիոյ տագնապին: «Յաւելեալ զէնքերու դէպի Սուրիա առաքումը պատճառ կ՛ըլլայ յաւելեալ զոհերու», ընդգծեց ան:

Իրենց կարգին, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Լորան Ֆապիւս եւ Ուիլիըմ Հէյկ մտավախութիւն յայտնեցին քիմիական զէնք գործածելու սուրիական վարչակարգի մտադրութեան գծով: Իրլանտայի մէջ գումարուող անպաշտօն ժողովին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քեթրին Էշթընի յղած իրենց նամակով անոնք խոր մտավախութիւն յայտնեցին, որ Սուրիոյ տագնապը խորապէս կը վտանգէ շրջանի կայունութիւնը:

Սուրիական տագնապը իր ժխտական հետեւանքները կ՛ունենայ այլ մարզերու գծով եւս:

Արդարեւ, ռուսական պատերազմական նաւեր փոխանակ սուրիական Թարթուսի նաւահանգիստին, Պէյրութի նաւահանգիստէն պիտի հայթայթեն իրենց վառելանիւթը, ըստ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան: Իսկ մտահոգիչ զարգացումով, սուրիական թղթոսկիին նահանջը երէկ շարունակուեցաւ ամերիկեան տոլարին դէմ` հասնելով 130 (սուրիական) ոսկիի սահմանները (մէկ տոլարի փոխարէն): Սուրիական կեդրոնական դրամատունը դադրեցաւ ընդմիջելէ` տոլարին դէմ (սուրիական) թղթոսկիի հաւասարակշռութեան պահպանման համար, մինչ տոլարը «անգտանելի» դարձաւ նոյնիսկ լումայափոխներու սեւ շուկային մէջ:

ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, սուրիացի դասալիք զինուորներու փախուստը կը շարունակուի: Այս ծիրին մէջ, թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը յայտնեց, որ սուրիացի հինգ բարձրաստիճան սպաներ (որոնցմէ մէկը` գնդապետի աստիճանով) երէկ իրենց ընտանիքներով հասան թրքական «Ապայտըն» գաղթակայանը, որ Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ յատկապէս կը պատսպարէ սուրիացի դասալիք սպաներն ու անոնց ընտանիքները:

Share this Article
CATEGORIES