Սապունճեան Նախագահեց Ճարտարարուեստի Հետազօտութեան Հիմնարկի Վարչութեան Ա. Նիստին

Նախարար Սապունճեան` ճարտարարուեստի հետազօտութեան հիմնարկի վարչութեան կազմին հետ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Լիբանանեան համալսարանին մէջ նախագահեց Ճարտարարուեստի հետազօտութեան հիմնարկի վարչութեան Ա. նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Ֆրըն, փոխնախագահ Նաամաթ Աֆրամ, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Պէյրութի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շուքէյր, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին նաեւ Սարգիս Պուտաքեան:

Նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ բոլորը կ՛ակնկալեն, որ Ճարտարարուեստի հետազօտութեան հիմնարկը կարեւոր դերակատարութիւն ունենայ ազգային-տնտեսական մարզին մէջ:

Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը նախանձախնդիր է պահպանելու իր բոլոր շուկաները եւ անկէ հեռու պահելու անորակ արտադրութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES