Այն Թինէի Մէջ Պըրրի-Միքաթի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ օր մը առաջ կառավարութեան կողմէ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու եւ այդ թղթածրարը խորհրդարան փոխանցելու մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Պըրրիի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:
Նշենք, որ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ խառն ընտրական օրինագիծին առնչուող հարցեր` իրարու միջեւ հասարակ յայտարարներու յանգելու նպատակով:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգելու առաջարկը` կանխարգիլելու համար այս հանգրուանին ստեղծուելիք որեւէ անիշխանութիւն:


