Ժապալ Մըհսենի Եւ Պապ Թըպպանէի Միջեւ Զինեալ Բախումները Հետզհետէ Կը Սաստկանան

Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները, կրակոցները, ռումբերու արձակումն ու արձակազինութիւնը երէկ շարունակուեցան` պատճառելով 6 զոհ եւ աւելի քան 30 վիրաւոր:

Նախանցեալ կէս գիշերէն մինչեւ երէկ երեկոյ արձանագրուած մարդկային այս վնասներուն կողքին, բախումներուն զոհ գնաց նաեւ լիբանանեան բանակի զինուորներէն Ուիսամ Տիապը:

Ամբողջ օրուան ընթացքին արձակուած կրակոցներուն կշռոյթը ամայացուց Թրիփոլիի փողոցները, ինչպէս նաեւ մղեց, որ բանակը դիմէ արտակարգ միջոցառումներու եւ փակէ Նուր հրապարակին փողոցներն ու շրջուն ջոկատներով խստացնէ իր հսկողութիւնը:

Բանակին հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը ներխուժումներ կատարած է զինեալներուն որջերը եւ գրաւած զէնք ու զինամթերք:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ շարունակուող կրակոցները մղեցին, որ Թրիփոլիի իսլամական հանդիպումը երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ կատարէ խորհրդակցութիւններ եւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն վստահի Թրիփոլիի ապահովութիւնը, որովհետեւ իրենք չեն հովանաւորեր զինեալ բախումներուն մեղսակցող ոեւէ յանցագործ:

Կէսօրէ ետք Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ յայտարարուած զինադադարէն ետք, երկու ճակատները բռնկեցան ուշ գիշերին` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականէն ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES