Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի Եւ Խորհրդակցական Հանդիպում Մը Ունեցաւ Մարոնի Ղեկավարներու Հետ

Կարտինալ Ռայի եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ Ֆրանչիսկոս պապի գահակալութեան ներկայ գտնուած լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Ռայի պատրիարքը դարձաւ նախագահական պալատի ճաշի հիւրը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ ետք Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի ղեկավարներու հետ, որոնց հետ խորհրդակցութիւններ կատարեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն յատուկ օրինագիծերուն վերաբերեալ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ, Ալեն Աուն եւ Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Զիատ Պարուտ եւ Եուսեֆ Սաատէ:

Հանդիպումին ընթացքին ներկաները յայտնեցին, որ իրենք համաձայն են լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցերուն լուծումներ ապահովել: Հանդիպումին ներկաները իրենց հանդիպումները բաց ձգեցին` շարունակելու համար փոխադարձ խորհրդակցութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES