Միքաթի Յայտարարեց Իր Կառավարութեան Հրաժարականը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան վարչապետարանէն յայտարարեց իր կառավարութեան հրաժարականը` առիթ տալով, որ Լիբանանի ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմուի:
Ան մաղթեց, որ իր կառավարութեան հրաժարականը ըլլայ միակ միջոցը, որ քաղաքական բոլոր խմբաւորումները կը մղէ ստանձնելու իրենց պարտականութիւնները:
Միքաթի յայտնեց, որ ինք անսացած է իր խղճի ձայնին եւ որոշած հրաժարիլ` առիթ տալու համար նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսումին:
Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ իր կառավարութիւնը իրականացուցած է պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացնելու նուաճումը` առանց վատթարացնելու երկրին տնտեսական կայունութիւնը:
Ան նշեց, որ իրեն համար կառավարութեան նախագահութեան անցնող երկու տարիները եղած են շատ դժուար տարիներ, որոնց ընթացքին ինք որոշած է իրեն դէմ դաւադրութիւններէն եւ ցեխարձակումներէն վեր մնալ եւ ճիգ չէ խնայած պահպանելու Լիբանանի անկախութիւնը, անոր քաջ ժողովուրդին անվտանգութիւնը, գործադրելու կառավարութեան որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը եւ ապահովելու Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին յարգանքը:
Միքաթի յայտնեց, որ ինք համաձայն է ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որուն նկատմամբ համախոհութիւն կը գոյացնեն քաղաքական բոլոր կողմերը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած ժամանակին կատարելու:
«Սակայն նկատի ունենալով, որ քանի մը օրէն ապահովական կարեւոր կառոյց մը անիշխանութեան պիտի մատնուի, անհրաժեշտ նկատեցի, որ անոր ղեկավարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի, սակայն ի տես կառավարութեան կողմէ այս առաջարկին մերժումին, ապա անհրաժեշտ նկատեցի զիջիլ իմ պաշտօնէս», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հայրենիքը վեհագոյնն է եւ արժանի է ամէն տեսակի զոհողութեան:
«Ես երկու անգամ մտածած եմ հրաժարելու մասին. առաջին անգամ, երբ որոշած էի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն ֆինանսաւորումը ապահովել, իսկ երկրորդ անգամ` երբ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասան զոհ գնաց անարգ պայթումի մը, սակայն երկու անգամներուն ալ ազգային պատասխանատուութիւնը կ՛ենթադրէր շարունակել այդ պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:
Միքաթի աւելցուց սակայն, որ այսօր ինք կը յայտարարէ իր կառավարութեան հրաժարականը այն յոյսով, որ երկրին քաղաքական ուժերը կը ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ Լիբանանը դուրս կը բերեն անորոշութեան փապուղիէն:
Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին
Նշենք, որ կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէին, նախագահական պալատին մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին, քննարկուելիք օրակարգին վրայ ունէր հիմնական երկու կէտեր, որոնց մասին կառավարութեան անդամները արդէն իսկ տարակարծիք էին:
Այդ կէտերէն մէկն էր երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող խորհուրդներուն կազմութիւնն ու ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութեան ժամկէտի երկարաձգումը:
Տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման ներքին գործոց նախարարէն խնդրեց ընտրութիւններուն վերահսկող խորհուրդներու անդամներուն անուանացանկը կարդալ, որպէսզի անոր շուրջ քուէարկութիւն կատարուի, սակայն այդ անունները անհրաժեշտ քուէները չստացան, ինչպէս նաեւ կարգ մը նախարարներ յայտնեցին, որ իրենք ընտրութիւններուն վերահսկող խորհուրդներուն կազմութեան դէմ են եւ ոչ թէ անուններուն:
Հետեւաբար նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք չի կրնար պատկերացնել կառավարութեան նիստ մը, որուն քննարկելիք օրակարգին առաջին կէտը ընտրութիւններուն վերահսկող խորհուրդներուն կազմութիւնը չըլլայ:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք այս նիստին աւարտը կը յայտարարէ եւ կը պահանջէ նախարար Մարուան Շարպելէն խորհրդակցիլ վարչապետ Միքաթիի հետ եւ առաջարկել ընտրութիւններուն վերահսկող խորհուրդներուն կազմութեան նպատակով նոր անդամներու անուններ` աւելցնելով, որ ինք կը նախընտրէ, որ այդ մէկը կատարուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին եւ ըսաւ, որ նիստը աւարտած է:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նոյն պահուն, վարչապետ Միքաթի զօրակցութիւն յայտնած է հանրապետութեան նախագահին կեցուածքին եւ յայտարարած, որ ինք կառավարութիւնը նիստի պիտի չհրաւիրէ, եթէ այդ նիստին հանրապետութեան նախագահը պիտի չնախագահէ:
Միքաթի յայտնեց նաեւ, որ կայ նաեւ հրատապ այլ հարց մը, որն է ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան մէջ արձանագրուելիք բացը, երբ զօր. Աշրաֆ Ռիֆի քանի մը օրէն հանգստեան կոչուի: «Եւ նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական ներկայ կացութիւնը` ես կ՛առաջարկեմ զօր. Ռիֆիի պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգել այս նիստին ընթացքին», ըսաւ Միքաթի:
Միքաթիի կատարած այս առաջարկին շուրջ կատարուած քննարկումներուն ընթացքին, Միքաթիի զօրակցեցան Ազգային պայքարի ճակատ պլոքին նախարարները, մինչ այլ նախարարներ մերժեցին:
«Այս կացութեան պատճառով, վարչապետ Միքաթի նախագահ Սլէյմանէն խնդրեց աւարտել նիստը», ըսաւ Ապու Ֆաուր:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին տիրած անհամաձայնութեան իբրեւ հետեւանք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտարարեց նիստին աւարտը, որմէ ետք վարչապետ Միքաթի ուղղուեցաւ վարչապետարան` յայտարարելու իր հրաժարականը:
Հրաժարականը, որուն յայտարարութիւնը նախատեսուած էր կատարել երեկոյեան ժամը 7:30-ին, մէկ ժամով յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով մեծ երկիրներու պետութիւններուն դեսպաններուն կողմէ Միքաթիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններն ու անոնց կողմէ վարչապետին վրայ բանեցուած ճնշումը, որպէսզի ան չհրաժարի: Բայց եւ այնպէս, վարչապետ Միքաթի երեկոյեան ժամը 8:30-ին յայտարարեց իր կառավարութեան հրաժարականը: Ան այսօր իր հրաժարականը կը փոխանցէ հանրապետութեան նախագահին:
Միքաթիի Հրաժարականին Յառաջացուցած
Հակազդեցութիւններու Ալիքը
Վարչապետ Միքաթիի հրաժարականին իբրեւ հակազդեցութիւն, երէկ երեկոյեան նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ կառավարութիւնը շատոնց պէտք էր հրաժարէր` սրբագրելու համար երկրին մէջ արձանագրուած խախտումը: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան հրաժարականը առիթ կու տայ վերսկսելու Ազգային երկխօսութեան նիստերուն եւ կազմելու նոր կառավարութիւն մը:
Սինիորա նշեց, որ ինք աննախատեսելի կը գտնէ երկրին ապահովական կացութեան բռնկումին մէջ կառավարութեան հրաժարականին ազդեցութիւնը:
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց, որ վարչապետ Միքաթիի հրաժարականին պատճառը զօր. Աշրաֆ Ռիֆին պաշտօնի վրայ պահելը չէ, այլ` նուաճումներ գործած ապահովական կառոյցի մը պահպանումն է:
Ան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ներքին ապահովութեան ուժերուն պատկանող տեղեկահաւաքի բաժանմունքը պահպանել, եւ ոչ թէ զայն քանդել, «հետեւաբար հարցը պետութեան հարց է եւ ոչ համայնքի», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարելուն պատասխանատուութիւնը պէտք է վերցնէ ան, որ վարչապետին պաշտօնեայ մը նշանակելու միջոց չէ ձգած:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ գնահատեց վարչապետ Միքաթիի հրաժարականը եւ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու թուական ճշդել:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտի:
«Քաղաքական բոլոր ուժերը կը փափաքին, որ խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգուի` աւելցնելով, որ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` առանց քաղաքական ուժերուն համախոհութիւնը վայելող ընտրական օրէնքի մը», ըսաւ Շարպել:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը հակասութիւններու մարմնացում մըն էր արդէն եւ զարմանալին այն էր, որ կառավարութեան այս կազմը կրցաւ այսքան երկար գոյատեւել:
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ողջունեց Միքաթիի հրաժարականը` աւելցնելով, որ ինք կը զօրակցի քաղաքական համաձայնութեան մը, որուն շրջագիծին մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի պայմանական նշանակումը կ՛ապահովուի:
Նշենք նաեւ, որ Միքաթիի հրաժարականին իբրեւ արդիւնք երէկ երեկոյեան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերու ներկայացուցիչներ սկսան քակել վարչապետարանին շուրջ լարուած վրանները, որոնք կը խորհրդանշէին Միքաթիի կառավարութեան դէմ անոնց բողոքը:



