«Հայոց Ցեղասպանութիւն. Մարտահրաւէրներ 100-Ամեակի Նախաշեմին» Խորագիրով Գիտաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն
Երէկ Երեւանէն «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Վահրամ Էմմիեան փոխանցեց, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ 100-ամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) «Անի փլազա» պանդոկին մէջ սկսաւ իր աշխատանքներուն` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքերու ընթերցումէն ետք:
Առաջին նիստին նիւթն էր «Հայոց ցեղասպանութիւն. ուսումնասիրութեան արդի վիճակն ու հեռանկարները»: Զեկուցաբերներն էին Վահագն Տատրեան, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան եւ Հայկ Դեմոյեան:
Երեկոյեան Վահրամ Էմմիեան փոխանցեց, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ 100-ամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը աւարտեց իր առաջին օրուան աշխատանքները` երեք նիստերէ ետք. զեկուցումներով հանդէս եկան հայ եւ օտար մասնագէտներ, մտաւորականներ եւ գիտնականներ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ուղերձ յղեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումները համակարգող պետական յանձնաժողովի կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ 100-ամեակի նախաշեմին» գիտաժողովին:
Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին հրատապ խնդիր է մեր հետագայ ընելիքներուն, մասնաւորապէս` աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ իրականացուելիք ձեռնարկներու օրակարգի մշակման, նաեւ եղած թերութիւններուն անդրադառնալը, որոնց վերացումը մեզի հնարաւորութիւն պիտի տայ, առաւել համապարփակ ու խորքային մօտեցում ցուցաբերելով, յաւուր պատշաճի կազմակերպելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած բազմաբնոյթ ձեռնարկները եւ անոնց տալ միջազգային հնչեղութիւն:
«Յաջորդ տարի համայն մարդկութիւնը պիտի ոգեկոչէ Առաջին աշխարհամարտի զոհերու յիշատակը եւ պիտի անդրադառնայ մարդկութիւնը պատուհասած լայնածաւալ պատերազմի հետեւանքներուն ու դասերուն: Ցաւօք, այդ պատերազմի քողին տակ իրականացած զանգուածային սպանութիւններն ու ցեղասպանութիւնները, իբրեւ այդպիսիք, մնացին անպատիժ, եւ այստեղ իսկ պէտք է փնտռենք նոր ու ծաւալներով առաւել ահարկու Երկրորդ աշխարհամարտի եւ Ողջակիզումի սարսափներուն ակունքներն ու ծագումնաբանութիւնը:
«Ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդը, ի հեճուկս աշխարհի երեսէն զինք ջնջել ցանկացող ոճրագործներուն եւ անոնց գործը շարունակողներուն, կրցաւ ոտքի կանգնիլ, կերտել իր պետականութիւնը, ստեղծել ամուր ու յուսալի ազգային կառոյցներ սփիւռքի մէջ: Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը սոսկ տարելից չէ. ձեռնարկներու ու ոգեկոչման արարողութիւններու իրականացումը մեզի հնարաւորութիւն պիտի տայ ամբողջ աշխարհին ի ցոյց դնելու մեր միասնականութիւնն ու հաստատակամութիւնը` ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման հարցով ոչ միայն չընկրկելու, այլեւ յաջորդ սերունդներուն պայքարի ու մաքառման նոր եղանակներ փոխանցելու առումներով:
«Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ անոր դասերը չեն առնչուիր միայն հայ ժողովուրդի պատմութեան ու յիշողութեան: Անիկա հաւասարապէս կը վերաբերի նաեւ թրքական պետութեան եւ թուրք ժողովուրդի պատմութեան ու յիշողութեան, եւ այս տեսանկիւնէն մեզի համար ոգեւորիչ է, որ տասնամեակներ շարունակ անփոփոխ մնացած լռութիւնն ու ժխտողական կեցուածքը այլեւս տեղի կու տան, եւ թուրք հասարակութեան առաւել գիտակից հատուածը իր մէջ ուժ գտած է վերանայելու անցեալին տեղի ունեցած ողբերգութեան հանդէպ պարտադրուած մօտեցումներն ու կեցուածքը, աւելին` նոյնիսկ քննադատաբար մօտենալու պաշտօնական դիրքորոշման եւ ըմբոստանալու ժխտողականութեան նոր երեւոյթներուն դէմ:
«Մենք համոզուած ենք, որ հայերու եւ թուրքերու ապագայ սերունդները անպայման պիտի գտնեն համակեցութեան նոր բանաձեւը, եւ անոր հասնելու համար, անշուշտ, օգտակար պիտի ըլլայ անցեալին գործած ոճրագործութիւններու հետեւանքներուն վերացման հարցով փոխգործակցութիւնը` իբրեւ արդարութեան վերականգնման կարեւոր երաշխիք: Այս գիտաժողովին իբրեւ արդիւնք ի մի բերուած առաջարկներն ու նկատառումները անպայման հաշուի պիտի առնուին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին աշխատանքներուն ընթացքին, ուստի մեր յորդորն է` ըստ կարելւոյն բաց եւ անկաշկանդ քննարկումներ իրականացնել հետագայ ընելիքներու ճշգրտման ու ռազմավարութեան որդեգրման առումներով: Գիտաժողովի մասնակիցներուն կը մաղթեմ արդիւնաւէտ աշխատանք»:

