Րաֆֆի Յովհաննէսեան Երկու Առաջարկ Ներկայացուց Նախագահ Սարգսեանին

Նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ դիրքը գրաւած թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հրաւիրած հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ կը պահանջէ կազմակերպել նոր արտակարգ նախագահական ընտրութիւններ` միաժամանակ աւելցնելով, որ Սերժ Սարգսեանին այլ կարելիութիւն մըն ալ կու տայ:

«Ես բաց կը խօսիմ` գողցուած, կեղծուած, հակահայկական, հակասահմանադրական ընտրութիւններով հանդերձ, եթէ դուք կ՛ուզէք շարունակել իբրեւ տէ ֆաքթօ նախագահ` չունենալով ժողովուրդին վստահութեան քուէն, նաեւ այդ կարելիութիւնը պիտի տամ ձեզի»,  ըսաւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը` նշելով, որ նախագահական նոր ընտրութիւններ չնշանակելու պարագային կ՛առաջարկէ այս տարուան ընթացքին կազմակերպել արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ` նախապէս, սակայն, կատարելով իր շարք մը այլ պահանջները, մասնաւորաբար փոփոխութիւններ իրականացնել Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ:

«Վերցնել մեծամասնական ընտրակարգը` թոյլ տալով բացառապէս համամասնականը, թոյլատրել ընտրած քաղաքացիներու ցուցակներուն հրապարակումը, վերականգնել քաղաքական-կուսակցական սկզբունքը Կեդրոնական ընտրական եւ ընտրատարածքային յանձնախումբերու ձեւաւորման համար, քուէարկութիւն ապահովել այլ երկրի մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն կամ ալ նուազագոյնը` ընտրացուցակներէն անոնց ջնջումը»,  մանրամասնեց ան:

Բացի անկէ, ընդդիմադիր ղեկավարը պահանջեց մինչեւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը առնուազն հինգ մարզպետներ ազատ կացուցել աշխատանքէ` այդ պաշտօններուն վրայ նշանակելով իր ներկայացուցած մարդիկը.  «Բոլոր ընտրակեղծարարները` առանց բացառութեան, որոնց շարքին մարզպետները, քաղաքապետները, կուսակցական պատասխանատուները, այլ պաշտօնեաները ենթարկել քրէական պատասխանատուութեան»:

Րաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ ղեկավար պաշտօններ պահանջեց գլխաւոր դատախազութեան մէջ, հարկային եւ մաքսային, ազգային ապահովութեան ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւններուն, վերստուգիչ պալատին, արդարադատութեան խորհուրդին եւ հակափտածութեան յանձնախումբին մէջ:

«Սոյն պայմանագիրը անբաժանելի է, ենթակայ է երկու կողմերուն ստորագրման: Իսկ անոր մէջ ամրագրուած կէտերը անբեկանելի են մինչեւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտը»,  յայտարարեց ան:

Պահանջները ընթերցելէ ետք Րաֆֆի Յովհաննէսեան թուղթը դրաւ ծրարին մէջ, ստորագրեց, որպէսզի ուղարկէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Ան ըսաւ, որ ասիկա իր «վերջին առաջարկն է եւ նուազագոյն շեմը»: «Հիմա հերթը ձերն է: Ձեր յետագիծի, կենսագրութեան ամենապատասխանատու շրջանն է մինչեւ 9 ապրիլը»:

Անդրադառնալով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար ձեւաւորուած «Բարեւ Երեւան» դաշինքին` Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ատիկա միակ վերկուսակցական, համաքաղաքացիական ցուցակն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES