Պատմական Իրողութիւններու Խեղաթիւրումը Իրենց Գագաթնակէտին Հասցնելով. Ազրպէյճանցիներու Խեղաթիւրած Այսպէս Կոչուած Խոջալուի «Ցեղասպանութիւն»-ը Կը Ճանչցուի Փենսիլվանիոյ Նահանգին Կողմէ

Հակահայ իրենց յանցագործութիւնները ծածկելու միտումով ազրպէյճանցիները կրկին դիմեցին պատմական իրողութիւններու խեղաթիւրման եւ անհիմն տեղեկութիւններու թղթածրարներով յառաջ քշեցին Խոջալուի այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» դէպքը:

Արդարեւ, հայրենի «Անկախ» կայքէջը երէկ ազրպէյճանական contact.az կայքին վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, որ ամերիկեան Փենսիլվանիա նահանգը ընդունած է Խոջալուի այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» բանաձեւը:

Ըստ նոյն աղբիւրին, նոյն բանաձեւին առնչուող թղթածրարներ ընդունած են նաեւ ամերիկեան Միսիսիփփի, Մեն, Թեքսաս, Արքանսաս, Օքլահոմա, Նիւ Մեքսիքօ եւ Թենըսի նահանգները:

Share this Article
CATEGORIES