Վաղը Չեխիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Կը Ժամանէ Հայաստան
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ երեքշաբթի, 26 մարտին, Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Չեխիան:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը, կիրակի, 24 մարտին Հայաստան պիտի ժամանէ Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը:
Չեխիոյ պատուիրակութիւնը պիտի իջեւանէ «Կոլտըն Փալաս» պանդոկին մէջ:
Երկուշաբթի, 25 մարտին, անիկա պիտի կատարէ իր փորձերը` հանրապետական մարզադաշտին վրայ: Այդ փորձերուն միայն առաջին 15 վայրկեանը թոյլատրելի է, որ մարզական լրագրողները այդտեղ ներկայ գտնուին:
CATEGORIES Մարզական

