Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականէն 3 Ֆութպոլիստ Պիտի Միանայ Ազգային Հաւաքականին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին մաս կազմող 3 ֆութպոլիստներ պիտի միանան ազգային հաւաքականին` նկատի ունենալով, որ անոնք երեքը երկու խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումին բաւական տպաւորիչ ներկայացում ունեցան, թէեւ երիտասարդներու կազմը 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:

Այդ երեք մարզիկներն են` Աղուան Պապիկեան, Տարօն Ոսկանեան եւ Դաւիթ Յակոբեան:

Անոնք երեքը հաւաքականին հետ պիտի պատրաստուին յառաջիկայ երեքշաբթի, 26 մարտին տեղի ունենալիք Հայաստան – Չեխիա մրցումին (2014-ի Մոնտիալ):

Share this Article
CATEGORIES