Ասիա – Աւստրալիա 2015-ի Բաժակի Զտումի Մրցաշարք. Լիբանան – Թայլանտ` 5-2
Երէկ` ուրբաթ, 22 մարտին, Պէյրութի Մարզական աւանին մէջ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը հիւրընկալեց Թայլանտը` Ասիա – Աւստրալիա 2015-ի բաժակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Լիբանան արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը:
4-րդ վայրկեանին Հասան Շըհիթօ բացաւ մրցումին հաշիւը, ապա ան 22-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց երկուքի:
31-րդ վայրկեանին Մոհամետ Հայտար սքանչելի կոլով մը արդիւնքը վերածեց երեքի:
38-րդ վայրկեանին Հասան Մաաթուք անբախտ գտնուեցաւ, երբ փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել:
Սակայն Բ. կիսախաղին ան նշանակեց Լիբանանի չորրորդ կոլը, իսկ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ), Եունիքա` Լիբանանի 5-րդ եւ վերջին կոլը:
Այսպիսով, Թայլանտ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը: Լիբանան կրած է պարտութիւն մը:
CATEGORIES Մարզական

