Արհեստագիտութիւն Եւ Մշակոյթ. Լուրերը` Իբրեւ Խաղ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Էնտկէյմ. Սիրիա». իրական աշխարհի մէջ Սուրիոյ զինուորական եւ քաղաքական տագնապը կը դառնայ համակարգչային խաղի մը միջոցով հետազօտելի նիւթ:

ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻ՞ՒՆ Է ԱՅՍ, ԹԷ՞ ՓՈԽԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ: ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՍԻՐԵՆ ԳԻՐՔ ՄԸ ԿԱՐԴԱԼ, ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ ԴԻՏԵԼ, ԵՐԳ ՄԸ ԼՍԵԼ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ՎԵՐԱՊԱՀ ԵՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ` ԻԲՐԵՒ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐԹՆՑՆՈՂ ԱՅԼ ՄԻՋՈՑԻ ՄԸ: ՎԵՐՋԵՐՍ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐՈՒ «ԱՓԸԼ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ԱՅՖՈՆԻ ՀԱՄԱՐ ՉՏՐԱՄԱԴՐԵԼ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԽԱՂ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՀԵՏԱԶՕՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ: ԱՅՍ ՔԱՅԼԸ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԷ ԱՒԵԼԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ ՄԸ` ԸՆԴԴԷՄ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ՀԵՏ ԽԱՂԱԼՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ: ԱՐԴԵՕՔ ՆՄԱՆ ԽԱՂԵՐ ՆՈՅՆՔԱ՞Ն ԱՆՎՆԱՍ ԵՆ ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ, ՈՐՔԱՆ` ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ: ԹԵՐԵՒՍ ԶԱՆՈՆՔ ՄԵՐԺԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԱՅՆ Է, ԹԷ ԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԿԸ ՄՏԱԾԵՆՔ ԻԲՐԵՒ ՕՐԷՆՔԻ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ, ՀԱՃԵԼԻ ԺԱՄԱՆՑԻ ՅԱՏՈՒԿ ԵՒ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ ԽՈՍՏԱՑՈՂ ԲԱՆԵՐ, ՀԵՌՈՒ` ԲԱՐԴ ՀԱՐՑԵՐԷ, ՈՐՈՆՔ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ «ՀԱՃԵԼԻ ԺԱՄԱՆՑ» ՉԵՆ, ՉԵՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՐ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԶԱՆՈՆՔ ԼՈՒԾԵԼ ՅԱՂԹԵԼՈՎ ԿԱՄ ՊԱՐՏՈՒԵԼՈՎ: ՍԱԿԱՅՆ, ՄԻՆՉ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԱՅԼԵՒՍ «ԿԸ ԾՆԻ» ԹՈՒԱՅՆԱՑՈՒՄԻ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՎ ԱՇԽԱՐՀԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԵՏ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԵԼՈՒ ԲՆԱԶԴՈՎ, ԱՆԴԻՆ` ԿԱՐԵԼԻ Է ՎԻՃԻԼ, ԹԷ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՆՊԱՍՏԵԼ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑԵԼՈՒ, ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ՏԱՐԱԾԵԼՈՒ, ԱՅՆՔԱՆ ԱՏԵՆ ՈՐ ՉԵՆ ՊԱՐՏԱԴՐԵՐ ՀԵՏԵՒԻԼ ՅԱՏՈՒԿ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԻ ՄԸ ԿԱՄ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՄԸ` ԱՄԲՈՂՋԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԽԱՂ ՄԸ: ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԱՆՏԵՍԵԼ ԱՅՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԱՅՍՕՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐ ՁԵՒԱԳԾԵԼՈՒ ԵՒ ԱՐՏԱԴՐԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՆ: «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԽԱՂԵՐՈՒ ՇԱՏ ԻՐԱԿԱՆ ԴԵՐԸ ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ` ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ԵՒ ԱՆՑՈՒԴԱՐՁԵՐԸ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԵՒ ՔՆՆԵԼՈՒ ՄԷՋ:

Պահ մը երեւակայեցէք հետեւեալը. առաւօտ մը կ՛այցելէք «Կարտիըն» թերթին կայքէջը եւ կը կարդաք գլխաւոր լուր մը, օրինակ` հարաւարեւելեան Ասիան հարուածած բնութեան աղէտի մը մասին, կամ` Կեդրոնական Ամերիկայի մէկ նահանգին մէջ քաղաքացիական զանգուածային խռովութիւններու: Լուրին քով կը տեսնէք համացանցի կապ մը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի համակարգչային խաղ մը` տուեալ լուրին առնչութեամբ: Խաղին նպատակն է ընձեռել յաւելեալ տեղեկութիւն եւ խորթափանց հմտութիւն: Կը հետեւի՞ք կապին, կը խաղա՞ք առաջարկուած խաղը:

Քաղաքական եւ ընկերային հարցեր հետազօտող խաղեր գոյութիւն ունեցած են համակարգչային խաղերու գոյութեան առաջին օրերէն: 1980-ական եւ 1990-ական տարիներուն տասնեակներով խաղեր պատրաստուած են հիւլէական վէճերու եւ Պաղ պատերազմի քաղաքականութեան վերաբերեալ: Նման խաղերու շարքին են «Թիեթըր Եուրոփ» եւ «Քոնֆլիքթ. տը Միտըլ Իսթ փոլիթիքըլ սիմիւլէյթըր»:

Այսուհանդերձ, 1990-ական տարիներուն, համացանցի յատուկ «Ֆլեշ» եւ «Շաքուէյվ» ծրագիրներուն յայտնութեամբ ծնունդ առաւ համակարգչային խաղերու նոր ժամանակաշրջան մը: Համակարգչային խաղեր արտադրելը այլեւս արագ էր եւ աժան, պատրաստ էր նաեւ զանոնք աշխարհի տարածքին ցրուող ընկերութիւնը` համացանցը: Շուտով խաղեր ձեւագծողներ սկսան այս կարելիութիւնները օգտագործել` իրական աշխարհի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն անմիջական հակազդելու եւ զանոնք հետազօտելու նպատակով:

Քաղաքական ձախ թեւի իտալական կայքէջ մը` molleindustria.org 2000-ական տարիներու կէսերուն սկսաւ արտադրել առեւտրական մեծ ընկերութիւններու ագահութեան եւ աշխատաւորներու տառապանքին վերաբերող խաղեր, ինչպէս` «Տը ՄքՏանըլտ՛ծ վիտէոկէյմ» եւ «Թամաթիփիքօ»: Խաղեր ձեւագծող մասնագէտ Կոնզալօ Ֆրասքա հաստատեց newsgaming.com կայքը` խաղեր արտադրելով սեպտեմբեր 11-ի յարձակումներուն եւ 2004-ի Մատրիտի ռմբահարումներուն մասին:

Այժմ նորագոյն իրադարձութիւն մը դարձեալ հանրութեան գիտակցութեան առարկայ կը դարձնէ լուրերու առնչուող խաղերու երեւոյթը: Յունուարի կէսերուն համակարգիչներու «Ափըլ» ընկերութիւնը մերժեց այՖոնի համար ներառել «Էնտկէյմ. Սիրիա» խաղը: Յունուարի սկիզբը բրիտանական «Օրոք տիճիթըլ» ընկերութիւնը շուկայ իջեցուցած էր այս խաղը, որուն մէջ խաղցողները կը ղեկավարեն Սուրիոյ ըմբոստ ուժերը` հետապնդելով իրականութենէն տարբեր զինուորական եւ քաղաքական նպատակներ:

Յայտնապէս «Ափըլ»-ի մերժումին պատճառը համակարգչային ծրագիրներ փնտռելու եւ կիրարկելու ծառայող «Ափ սթոր» սպասարկութեան արգելքն էր այն խաղերուն դէմ, «որոնց թիրախը յատուկ ցեղ մըն է, մշակոյթ մը, կառավարութիւն մը, ընկերակցութիւն մը կամ որեւէ այլ իրական տարր»: Կը թուի, թէ այս արգելքով սկիզբէն օրինախախտում կը նկատուէր լուրերու խաղերու ամբողջ գաղափարը:

Բրիտանիոյ Պրիսթոլ քաղաքին մէջ հաստատուած «Օրոք տիճիթըլ» ընկերութիւնը թուային լրատուամիջոցներու խորհրդատու փոքր հաստատութիւն մըն է, որ շրջանին մէջ կազմակերպած է խաղեր զարգացնելու երկու օրուան վրայ երկարող մրցաշարքեր: Այս տարուան սկիզբը հաստատութեան հիմնադիր Թոմաս Ռաուլինկզ, որ նաեւ խաղեր կը ձեւագծէ, սկսաւ մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի էր օգտագործել կարճ ժամանակի մէջ կերպարներ ստեղծելու այն թեքնիքները, որոնք կը կիրարկուին նման մրցաշարքերու կամ հաւաքաբար համակարգչային ծրագիրներ պատրաստելու աշխատանքային համախմբումներու առիթով:

«Համակարգչային խաղեր պատրաստելու առաջին մրցաշարքը, որուն մասնակցեցայ` յայտնութիւն մըն էր ինծի համար,- կ՛ըսէ ան:- Սկսայ աւելի մտածել զայն տարբեր ձեւերով կիրարկելու մասին: Անկեղծօրէն, տակաւին չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր կը գտնուի հաւասարակշռութիւնը խաղ մը զարգացնելու տեւողութեան եւ անոր այժմէականութեան միջեւ, թէ` ի՛նչ մէկտեղում մը ամէնէն աւելի գործնական է լուրերու խաղերու համար: Թէեւ շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար յայտնաբերել գաղտնիքը»:

Ռաուլինկզ հիմնած է նոր կայքէջ մը` gamethenews.net, տարածելու համար այս փորձարկութիւնները: Ան կը վայելէ զօրակցութիւնը Էպըրթէյ համալսարանին Փրոթոթայփ հիմնադրամին, որուն նպատակն է քաջալերել նոր մօտեցումով համակարգչային խաղեր պատրաստելու ծրագիրներ: Կայքէջը արդէն կը պարունակէ նոր խաղ մը` «Մայ քաթըն փիքինկ լայֆ», որ կը վերաբերի Ուզպեքիստանի մէջ աշխատաւոր մանուկներու երեւոյթին: Ռաուլինկզ այժմ կը պատրաստէ խաղ մը` Մեքսիքայի մէջ թմրեցուցիչի դէմ պայքարին մասին: Բոլոր խաղերը ձրի կը տրամադրուին համակարգչային եւ Անտրոյտ սարքերու համար: Սակայն կը թուի, թէ այՖոնի հասողութիւնը անկարելի պիտի ըլլայ:

«Ափըլ»-ի Որոշումին Հակազդեցութիւնը

«Ափըլ»-ի որոշումին ստեղծած հակազդեցութիւնը խառն էր համակարգչային ճարտարարուեստին մէջ: Սակայն, երբ «Կարտիըն» յօդուած մը գրեց այս մասին, վանողական ծանօթ տրամադրութիւններ արտայայտուեցան համակարգչային խաղերու մէջ աշխարհը յուզող հարցեր արծարծելու գաղափարին դէմ: Մէկը «Թուիթըր»-ի վրայ կը գրէր. «Ինչպէ՛ս կարելի է անմեղ սուրիացիներուն մահն ու տառապանքը վերածել անմիտ ժամանցի»: Ասիկա կը յիշեցնէ համաշխարհային այն սարսափը, որ ստեղծուեցաւ, երբ հրապարակուեցաւ ժապաւէնի բեմադրիչ Տենի Լետընի «Սուփըր քոլըմպայն մեսըքըր Առ. Փէ. Ժէ.» խաղը, որուն նպատակն էր հասկնալ երկու մարդասպաններու` Էրիք Հերիսի եւ Տիլըն Քլեպոլտի արարքներուն դրդապատճառները: Բազմաթիւ օրաթերթեր զայն նկատեցին աժան չարաշահութիւն մը եւ ոչ թէ` տղոց հոգեբանութիւնը հասկնալու ճիգ մը` պատանիներուն համար հասանելի համակարգչային խաղի մը միջոցով:

Ճորճիայի Արհեստագիտութեան հիմնարկին մէջ փոխազդեցութիւններով յատկանշուած համակարգչային գործածութեան դասախօս Իըն Պակըսթ տարիներէ ի վեր կը ձեւագծէ լուրերու խաղեր եւ իր պլոկին մէջ (համացանցի վրայ ազատ արտայայտութեան վայր: «Ա.») կը գրէ այս մասին: Իր սեփական արուեստանոցին` Փըրսուէյսիւ կէյմզի մէջ (persuasivegames.com) ան կը հրապարակէ ժամանակակից իրադարձութիւններու եւ հարցերու առնչուող խաղեր` հանրային քաղաքականութիւն մշակողներու, կրթական գործիչներու եւ առեւտրական ընկերակցութիւններու համար: Ան նաեւ գրած է «Նիւզկէյմզ. ճըռնըլիզմ էթ փլէյ» վերնագիրով գիրք մը` լրագրութեան մէջ լուրերու խաղերու նոր երեւոյթին վերաբերեալ: Պակըսթի համաձայն, լուրերու խաղերու դէմ վանողական զգացումը խորապէս արմատացած է համակարգչային խաղերու դէմ լայն տարածում գտած կարծիքներու մէջ:

«Այս ամբողջը ծանօթութեան եւ աւանդութեան հարց է,- կ՛ըսէ ան:- Պատճառ չկայ մտածելու, թէ շարժապատկերն ու պատկերասփիւռը յարմար միջոցներ չեն պեղելու իրական աշխարհի հարցերն ու իրադարձութիւնները: Ըսել կ՛ուզեմ` Մայքըլ Պէյ ժապաւէն մը պատրաստած է Փըրլ Հարպըրի մասին: Սակայն մենք շատ աւելի վարժուած ենք ոչ երեւակայական ժապաւէններ եւ պատկերասփիւռ դիտելու, որովհետեւ շատ աւելի մեծ քանակութեամբ նիւթ կայ այնտեղ, նաեւ` շատ աւելի քննադատութիւն եւ կարծիքներու փոխանակում: Այս երեւոյթը կ՛առաջնորդէ աւելի լայն քննարկումներու` ինչ կը վերաբերի վաւերագրական ժապաւէններու, ոչ երեւակայական ժապաւէններու եւ պատկերասփռուած նիւթերու աւանդութիւններուն եւ գեղագիտական մատուցումի ձեւերուն»:

«Միւս կողմէ` համակարգչային խաղերու մէջ ոչ երեւակայական նիւթերը կը տեսնենք լուսանցքներու մէջ: «Կիրզ աֆ ուոր» խաղին մէջ նոյնիսկ ոչ մէկ նման փորձ կը կատարուի, ոչ ալ` «Սփեք օփ. տը լայն» խաղին, որուն նիւթը նոյնպէս երեւակայական է: Երբ գոյութիւն չունին ոչ- երեւակայական խաղերու նախաճաշակը  փոխանցող շարք մը օրինակներ, երբ գոյութիւն չունի համակարգչային խաղերու օգտակարութեան վերաբերող լայնօրէն տարածուած եւ կարդացուած քննադատութիւն, զարմանալի չէ, որ համակարգչային խաղեր խաղցողներ տարտամ եւ երկչոտ վերաբերում ցուցաբերեն անոնց նկատմամբ: Այս երեւոյթը կրնայ փոխուիլ ժամանակի ընթացքին, սակայն ոչ` կախարդական գաւազանով, այլ` դանդաղ հասունացումի գործընթացով մը, որ կարելի կը դառնայ ներքին մակարդակի վրայ միաձուլումով: Յաւելեալ խաղերու կարիքը ունինք` այս մէկը իրականացնելու համար»:

Վերջերս ականատես կը դառնանք փորձարկութեան եւ ընդունելութեան նման գործընթացի մը` լուսանցքային դարձած այլ արտայայտչամիջոցի մը` գծանկարային պատմութեան գիրքերու աշխարհին մէջ: Ճօ Սաքքոյի «Փալըսթայն»-ը, Արթ Շփիկըլմանի «Մաուս»-ը եւ Մարիանէ Սաթրափի «Փերսեփոլիս»-ը ապացուցած են, թէ ինչպէ՛ս գծանկարային վէպի պարունակը կրնայ խորք, մանրամասնութիւններ եւ զգացում աւելցնել մահուան եւ պատերազմի հում նիւթերու վրայ: Վերոնշեալ գործերուն մէջ գծանկարային պատմութիւններու ձեւը միաժամանակ շահագործուած է եւ քանդուած` անողոք կերպով:

«Կ՛ենթադրեմ, որ հարցը «խաղ» բառն է,- կ՛ըսէ Ռաուլինկ:- Անիկա մեր մշակոյթին մէջ կը պարունակէ սնամէջութեան ակնարկութիւն մը: Այսուհանդերձ, երբ խաղերու ձեւը արդէն հասունցած է, կրնանք ապացուցել, թէ անոնք միայն ժամանցի չեն ծառայեր, այլ կրնան կատարել նաեւ այլ դերեր»:

«Ճօ Սաքքոյի պատերազմի գերազանց տեղեկագրութենէն առաջ կարելի էր մտածել, թէ գծանկարային պատմութիւնները միայն մանուկներու յատուկ էին: Անոր գործը կարդալէ ետք կասկած չի մնար, թէ ան դէպքերը ներկայացնելու այլ ձեւ մը կը մատուցէ: Կ՛ենթադրեմ, թէ համակարգչային խաղերը կը գտնուին ճիշդ այս խաչմերուկին վրայ` պեղելով, թէ ինչպէ՛ս կրնան աւելին իրագործել»:

Լրատուամիջոցներու Ներգործութիւնը

Պակըսթի համար այժմ հարցը նոյնքան կը վերաբերի խաղ մը պատրաստելու օրինականութեան, որքան` ինքնին ձեւին: ««Էնտկէյմ. Սիրիա» ծրագիրը հետաքրքրական կը թուի ըլլալ, սակայն անոր աղբիւրը գլխաւոր լրատուամիջոց մը չէ,- կ՛ըսէ ան:- Պայման չէ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» կամ «Կարտիըն» թերթերը կարենան մեքենականօրէն արտադրել աւելի լաւ լուրերու խաղեր: Անոնք արդէն հաստատուած լրատուամիջոցներ են եւ լրագրութեան մէջ յարգուած աղբիւրներ: Սակայն, այն ինչ որ անոնք մեքենականօրէն արտադրեն, կը սկսի իր ներգործութիւնը ունենալ խաղցողներուն եւ խմբագիրներուն մտածելակերպին վրայ: Ինչ որ կը հրատարակուի «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ, անմիջապէս կը դառնայ լրագրութիւն, կամ գէթ կը դասուի իբրեւ լրագրութիւն, մինչեւ որ հակառակը ապացուցուի»:

Ճանաչումի արժանանալը, մանաւանդ` գլխաւոր լրատուամիջոցի մը կողմէ, պէտք չէ անիրականանալի բանի մը վերածուի: Համակարգչային խաղերու մեծ յաջողութիւն վայելող սարքեր` ՓլէյՍթէյշըն, Էքսպաքս եւ Նինթենտօ Ուի, ինչպէս նաեւ համակարգչային տարբեր ծառայութիւններ մատուցող բջիջային հեռաձայններու կատարելագործումը տեսերիզի խաղերը մոլութեան համազօր ժամանցէ մը անդին` վերածած են լայն տարածում գտած հաղորդակցութեան միջոցի: Այժմ բրիտանացիներուն 40 առ հարիւրը խաղեր կը խաղայ համակարգչային սարքերու վրայ:

ժամանցի ճարտարարուեստէն դուրս հարիւրաւոր անուանի կազմակերպութիւններ որդեգրած են համակարգչային խաղեր: Թանգարաններ եւ պատկերասրահներ զանոնք կ՛օգտագործեն` ծանուցելու համար նոր ցուցահանդէսներ եւ տեղեկութիւն տարածելու համար իրենց հաւաքածոներուն մասին: Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ եւ բարեսիրական հիմնարկներ զանոնք կ՛օգտագործեն` լուսարձակի տակ առնելու համար դրամահաւաքի արշաւներ եւ կապ հաստատելու համար երիտասարդ սերունդին հետ: Ինքնին խաղերուն խթանի եւ վարձատրութեան վրայ հիմնուած մեքենական բնոյթը, որ այնքա՛ն կը նեգրաւէ մեզ, կ՛օգտագործուի առեւտրական ճարպիկ ընկերակցութիւններու կողմէ, որոնք կը փորձեն «խաղի ձեւով» հաղորդակցիլ եւ սպասարկել:

Թուային ժամանակաշրջանը յատկանշուած է մասնակցութեամբ եւ փոխազդեցութեամբ, ոչ թէ` կրաւորական ձեւով սպառելով լրատուամիջոցներու պարունակութիւնը: Հետեւաբար ինչո՞ւ լուրերը եւս նոյն ձեւով պիտի չգործեն: Օրաթերթերու կայքէջեր որոշ ժամանակէ մը ի վեր կը յառաջանան այս ուղղութեամբ` հրապարակելով մասնակցութեան կարելիութիւնը ընձեռող աղիւսակներ, տրամադրելով համակարգչային ծրագիրներ, ինչպէս` Կուկըլի քարտէսներ, որոնք կ՛օգնեն պեղելու կարեւոր լուրերու առնչուող պատկերներ:

Նաեւ շարժում մը կայ բազմութիւններուն տալու լրատուական որոշ պարտականութիւն: Այսպէս, 2009-ին «Կարտիըն» հաստատեց համակարգչային ծրագիր մը, որ ընթերցողներուն առիթ կու տար կարդալու եւ պահելու Բրիտանիոյ խորհդարանի անդամներուն ծախսերուն գայթակղութեան վերաբերող արձանագրութիւններ: Անոնց թելադրուած էր փնտռել եւ գտնել ամէնէն հետաքրքրական հաստատումները:

Միւս կողմէ` ականատես կը դառնանք քաղաքացիներու կողմէ կատարուող լրատուութեան, պլոկերու ճամբով, ինչպէս նաեւ` համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող Տեմոթիքսի եւ Պլոթրի նման կայքերու: Անշուշտ այս օրինակները խաղերու չեն վերաբերիր, սակայն անոնք զարգացուցած են լուրերու ընկալումը մասնակցութեան գործընթացի վերածելու գաղափարը:

Թերեւս հարցը պարզապէս ներկայացնելու ձեւն է: Եթէ մասնակցութեան եւ փոխազդեցութեան վրայ հիմնուած լրագրութիւնը ներկայացուէր իբրեւ լուրերու ձեւական վերարտադրութիւն եւ ոչ` խաղ, արդեօք պիտի դիւրանա՞ր հարցին լուծումը: Սակայն Պակըսթ կը տեսնէ նաեւ այլ պատուար մը լուրերու խաղերու դիմաց. անոնց փորձարկութեան դէմ գլխաւոր լրատուամիջոցներու անդրդուելի կեցուածքը:

«Մեր Լուրերու խաղերու գիրքին մէջ գրեցինք «Փըրսուէյսիւ կէյմզ»-ի մէջ իմ սեփական փորձառութիւններուս մասին, երբ 2007-ին կը գործակցէինք «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին հետ եւ խմբագրական խաղեր կը պատրաստէինք: Ի վերջոյ անդրադարձանք, թէ հարցը կապ ունէր կազմակերպական քաղաքականութեան հետ: Նոյնիսկ, երբ թերթը դրամ կը ծախսէր խաղերու պատրաստութեան համար, գոյութիւն չունէր զանոնք արդիւնաւէտ ձեւով հրապարակելու կամեցողութիւնը: Գոյութիւն չունէր, որովհետեւ ոչ ոք առաջնահերթութեան վերածած էր զայն, իսկ թերթը կը տքնէր քայլ պահել իր սովորական խմբագրական պարտաւորութիւններուն հետ»:

Խամրող Հետաքրքրութիւն

Միացեալ Նահանգներու տարածքին նորարարութեամբ յատկանշուած լրագրութեան համար հիմնադրամներ յատկացնող Ճէյ-Լապ հիմնարկի տնօրէն Ճեն Շէյֆըր եւս կը վկայէ հետաքրքրութեան նմանօրինակ կորուստ մը: «Այն տպաւորութիւնը ունիմ, թէ լուրերու խաղերու վերաբերող զրոյցները շատ աւելի լայն տարածում գտած էին ներկայ դարու սկիզբը», կ՛ըսէ ան:

«Օրինակ, Ճէյ-Լապ 2002-ին կազմակերպած էր լուրերու խաղերու առաջին աշխատանքային հանդիպումներէն մէկը: Մինեսոթայի հանրային ձայնասփիւռին եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին նման լրատուամիջոցներ պետական եւ դաշնակցային պիւտճէներով մասնակցեցան ծրագիրին: «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի վերջին լուրերու խաղը հրապարակուեցաւ 2010-ին: GothamGazette.com ունէր ընթերցողներու մասնակցութեան եւ փոխազդեցութիւններու վրայ հիմնուած լուրերու խաղեր, սակայն այլեւս ոչ մէկ նորութիւն»:

Իսկ ինչո՞ւ հետաքրքրութիւնը խամրած է: «Կը կարծեմ, թէ պատճառը աղբիւրներն են,- կ՛ըսէ Շէյֆըր:- Հարկ է թերթերու պաշտօնէութեան մէջ ունենալ ստեղծագործ արհեստագէտներ, որպէսզի ստեղծեն նման խաղեր: Լուրերու խաղեր կառուցելը ժամանակ կը խլէ, իսկ խաղ մը կրնայ առնչուիլ միայն մէկ լուրի: Հետեւաբար մշտադալար դաշտ մէ չէ ասիկա եւ մեծ ճիգ կը պահանջէ: Նիւթական դժուարութիւններ դիմագրաւող լրատուամիջոցներ պարտաւոր էին առաջնահերթութիւններ ճշդել, եւ կը կարծեմ, թէ շատ աւելի իրագործումներ կատարուած են ընթերցողին մասնակցութեան վրայ հիմնուած քարտէսներու պատրաստութեան, տեղեկութիւններու շտեմարաններու մէջ պրպտումներ կատարելու եւ տեսողական միջոցներով տեղեկութիւններ վերարտադրելու ոլորտներուն մէջ»:

Պակըսթ համաձայն է, թէ նիւթական աղբիւրներ ճարելը գլխաւոր հարց է, սակայն ան կը հաւատայ, թէ բազմաթիւ լրատուամիջոցներ պարզապէս հեռու են լուրերու խաղեր արտադրելու գաղափարէն: «Նոյնիսկ, երբ դրամական շահի առիթը կը դրուէր սեղանին վրայ, «Նիւ Եորք Թայմզ» չէր կրնար եւ չէր փափաքեր պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր նման փորձարկութիւն մը»:

Թերեւս այս պատճառով է, որ համացանցի վրայ լուրերու խաղերը բազմացած են իբրեւ փոքր ծրագիրներ, պատրաստուած` քանի մը ձեւագծողներու եւ համակարգչային ծրագիրներ պատրաստողներու կողմէ, եւ ոչ` իբրեւ ամէն տեղ տարածուած միջոց: Սակայն ասիկա ամօթալի է, որովհետեւ լուրերու խաղերը մեծ ներգործութիւն կրնան ունենալ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ մանուկներ թուային միջոցներ կը գործածեն բնազդաբար:

Խաղերը` Սորվելու Միջոց

«Խաղերը սորվելու եւ հետազօտելու հրաշալի միջոցներ են,- կ՛ըսէ խաղերու ճարտարարուեստի մասնագէտ Ճօ Թուիսթ: Ան նախապէս պատկերասփիւռի Չենըլ 4 կայանին կրթական բաժնին խաղերու խմբագիրն էր եւ համացանցի խաղեր կը պատրաստէր քաղաքական, պատմական եւ ընկերային հարցերու մասին:

«Խաղերը կապ ունին որոշում կայացնելու եւ արարքի մը հետեւանքները դիմագրաւելու հետ: Խաղի մը ընթացքին տեղեկութիւններ կը հաւաքես տուեալ հարցին մասին, մարտավարութիւն կը սորվիս, որովհետեւ պարտաւոր ես եւ կը ցանկաս, որպէսզի անցնիս երկրորդ մակարդակ»:

«Լաւ հիւսուած բեմագրութիւններ կամ գեղեցիկ գծանկարներ կրնան խաղցողը մղել, որ աւելին պեղէ եւ յաղթահարէ աւելի մեծ մարտահրաւէրներ: Չենըլ 4-ի «Պաու Սթրիթ ռանըր» խաղը իրապէս յաջողած էր այս կէտին մէջ: Խաղերը իրենց նպատակին չեն հասնիր, երբ անոնց իրագործումը անհրապոյր է: Խաղը պէտք է իրապէս առինքնէ, որպէսզի մէկը մղուի խաղալու: Սակայն լաւ ձեւագծուած համակարգչային խաղեր կը գրգռեն հետաքրքրութիւնդ եւ կը մղեն, որ աւելին գիտնաս` խաղին մէջ յառաջ ընթանալու համար», կ՛աւելցնէ Թուիսթ:

Գործնական առումով` լուրերու խաղերու մեծագոյն հարցը ժամանակն է: Խաղերը պէտք է արտադրուին եւ տարածուին շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, որպէսզի չկորսնցնեն իրենց այժմէականութիւնը: Սակայն ասիկա արդէն կը դիւրանայ: «Էնտկէյմ. Սիրիա» խաղը պատրաստուած է` օգտագործելով խաղերու պատրաստութեան Կէյմմէյքըր ծրագիրը, որ կը խնայէ համակարգչային ծրագիրի պատրաստութեան ժամանակը եւ կ՛արագացնէ տիպարներու ստեղծումը: Ռաուլինկ իր խաղը արտադրած է երկու շաբթուան մէջ:

Պակըսթ նաեւ գլխաւորած է Կէյմ-Օ-մաթիք անունով ծրագիր մը, զոր ձեւագծած են Ճորճիայի Արհեստագիտական հիմնարկէն ուսանողներ` գործակցելով Սանթա Քրուզի Էքսփրեսիւ ինթելիճընս սթիւտիոյին հետ: Ասիկա գործիք մըն է, որ կ՛արագացնէ եւ կը դիւրացնէ լրագրութեան նիւթերու հետ առնչուող խաղերու պատրաստութիւնը` խնայելով համակարգչային լեզուով ծածկագրութեան եւ զարգացումի հանգրուանները:

Երբ անհրաժեշտ գործիքները ունինք, համակարգչային խաղերը կը դառնան մերօրեայ նոր պլոկերը. այսինքն` անձնական ազատ կարծիքներու արտայայտութեան եւ ընկերային-քաղաքական ակնարկութիւններու միջոց մը: Սակայն ինչ կը վերաբերի օրաթերթերու, հաւանաբար անոնք պէտք է արմատական վերատեսութեան ենթարկեն իրենց մօտեցումը: Աւանդական հասկացողութեամբ լրագրութիւնը իբրեւ առեւտրական մարզ արդէն կը կորսուի պատմութեան մշուշին մէջ: Գլխաւոր լրատուամիջոցներ հետզհետէ աւելի կը տքնին իրենք զիրենք վերստեղծելու իբրեւ թուային միջոցներ: Անոնք պարտաւոր են ստեղծել ուսումնասիրութեան եւ արհեստագիտական զարգացումի վրայ հիմնուած նոր մշակոյթ մը: Ո՛չ այն պատճառով, որ լրատուամիջոցներ գործածելու ձեւերը փոխուած են, այլ որովհետեւ «Դիմատետր»-ի, «Կուկըլ»-ի եւ «Ափըլ»-ի նման հսկայական ընկերութիւններ նոր սերունդին սորվեցուցած են, թէ տեղեկութիւնը համակարգչային ծրագիրի մը արտադրութիւնն է, զոր կարելի է բաժնել, դերակատար դառնալ անոր արտադրութեան մէջ եւ մաս կազմել` փոխազդեցութիւններով:

Այս բոլորին ետին կայ պարզ Ճշմարտութիւն մը, թէ` համակարգչային խաղերը հոյակապ միջոցներ են նկատելու եւ պեղելու կրկնուող երեւոյթներ: Անոնք մեզի բաներ կը սորվեցնեն մեր ուղեղին նախասիրած ձեւով: Անշուշտ այստեղ գոյութիւն ունին բարոյագիտական եւ բարոյական հարցեր, սակայն անոնք կը վերաբերին բովանդակութեան, քան` ձեւի:

Հիմնականին մէջ լուրերու խաղերը կը ծառայեն իբրեւ տեղեկութիւն բաժնելու միջոց, այնպիսի գործիքով մը, զոր կը գործածեն շատեր: Անմտութիւն եւ թեթեւամտութիւն չէ այս կարելիութիւնները հետազօտելը: Անմտութիւն եւ թեթեւամտութիւն կը թուի չմտածելը անոնց մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES