Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աբրահամ` Հայր Հաւատացողներուն» (3)
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, արդարօրէն կարելի է հարցնել, թէ «Աբրահամ` հայր հաւատացողներուն», ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս…
«Աբրահամ` հայր հաւատացողներուն» տիտղոսը կու տայ Ս. Պօղոս` «առաքեալը հեթանոսներուն», որ իր «Հռոմայեցիներուն թուղթ»-ին մէջ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ իր տեսութիւնը հաւատքի այս հարցին կապակցութեամբ:
Թէ «ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս» հարցումներուն կը պատասխանեմ` վերադառնալով Աբրահամի կեանքին մէջ պատահած տասնմէկ այն արտակարգ դէպքերուն, որոնց շնորհիւ եւ որոնց համար` «Աբրահամ» ստացաւ «Երկիրն Աւետեաց», այսպէս` դառնալով «հայրը հաւատացողներուն» թէ՛ աստենական ու թէ՛ անդենական ժամանակին մէջ, որովհետեւ «հաւատաց Աբրահամ Աստուծոյ եւ համարեցաւ նման յարդարութիւն» (Ծն. 15,6):
Առաջին դէպքը: Իր Ուր ծննդաքաղաքին մէջ «Աբրահամ» ստացաւ առաջին հրամանը Տիրոջմէն, որ կ՛ըսէր. «Ե՛լ քու երկիրէդ, ազգէդ եւ տունէդ ու գնա՛ այն երկիրը, զոր ես քեզի ցոյց պիտի տամ: Քեզ մեծ ազգ մը պիտի ընեմ եւ պիտի օրհնեմ քեզ, ինչպէս ալ պիտի մեծցնեմ քու անունդ, եւ դուն պիտի ըլլաս օրհնեալ:
Պիտի օրհնեմ քեզ օրհնողները եւ պիտի անիծեմ քեզ անիծողները: Նոյնպէս քու մէջդ պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը ամբողջ երկրին» (Ծն. 12,1-3):
– «Աբրահամ» հնազանդեցաւ Տիրոջ եւ հաւատաց Անոր խօսքին:
Երկրորդ դէպքը: Խառան քաղաքին մէջ էր նահապետը, երբ Աստուած հրահանգեց անոր երթալ Քանան, որուն Սիքեմ, Բեթէլ եւ Անգէ քաղաքներուն մէջ «Աբրահամ» շինեց Տիրոջ սեղանը:
– «Աբրահամ» անսաց Տիրոջ եւ հետեւեցաւ Անոր հրահանգին: Այս պատճառով` հոս, Քանանի մէջ «Տէրը երեւցաւ անոր եւ ըսաւ. «Այս երկիրը պիտի տամ քու զաւակիդ» (Ծն. 12,7):
Երրորդ դէպքը: Եգիպտոսի մէջ էր «Աբրահամ», երբ անոր ի նպաստ Աստուած միջամտեց փարաւոնին մօտ, որ վերադարձնելով շատ գեղեցիկ Սարա կինը` հարստութիւններով ազատ արձակեց եւ ճամբեց զանոնք իր թագաւորութեան սահմաններէն:
– Հոս ալ «Աբրահամ» տեսաւ Տիրոջ կարգադրութիւնը եւ համակերպեցաւ:
Չորրորդ դէպքը: Բեթէլի եւ Անգէի մէջ, ուր շինած էր Տիրոջ խորանները, «կարդաց… Աբրահամ զանուն Տեառն Աստուծոյ», ապա, համերաշխութեան համար եւ եղբայրասիրութեան ոգիով թոյլատրեց Ղովտին` նախընտրելու իր ուզած լաւագոյն բնակավայրը, որ «ամբողջովին յուռթի էր»:
– Աղօթքով` Աստուծոյ հետ հանդիպումին արդիւնաւէտութեան ու խաղաղութեան օրինակն է Աբրահամ` հաւատքի մեր նախահայրը:
Հինգերորդ դէպքը: Ղովտի մեկնելէն ետք` Աստուած խօսեցաւ «Աբրահամ»-ին.«Նայէ՛ եւ տե՛ս քու աչքովդ այդ տեղէն, ուր դուն կեցած ես. հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն ու ծովէն տարածուած երկիրը, զոր կը տեսնես, պիտի տամ քեզի եւ քու զաւակիդ մինչեւ յաւիտեան: Զաւակդ` պիտի բազմացնեմ որպէս աւազն երկրին. եթէ մէկը կրնայ թուել աւազը, ապա զաւակդ ալ կը մտնէ այդ թիւին տակ: Եւ արդ, ե՛լ, շրջագայէ այդ երկրին երկայնութիւնն ու լայնութիւնը, որովհետեւ քեզի պիտի տամ զայն»:
– Նահապետը հաւատաց Աստուծոյ եւ կատարեց Անոր հրահանգը:
Վեցերորդ դէպքը: Պատերազմական գերի տարուած Ղովտի ազատագրումէն վերադարձած ժամանակ «Աբրահամ» օրհնուեցաւ Սաղեմի արքայ Մելքիսեդեկէն, որ «քահանայ էր Աստուծոյ բարձրելոյ» (Ծն. 14,18):
– Տիրոջ խոստումին ապաւինելով` թալանող, աւերող, սպաննող եւ իրմէ շատ աւելի բազմաթիւ ու զօրաւոր թշնամիէն յաղթական նահապետը պատճառ հանդիսացաւ, որ նաեւ օրհնուի եւ հռչակուի բարձրեալ Աստուած, «որ արար զերկինս եւ զերկիր», ինչպէս ալ «Աբրահամ»-ին ձեռքը մատնեց ոսոխները:
Եօթներորդ դէպքը: Տեսիլքի ընթացքին կամ անուրջին մէջ «Աբրահամ»-ին յայտնուեցաւ Տիրոջ խօսքը.«Մի՛ վախնար, Աբրահա՜մ, Ես պիտի ըլլամ քու վերակացուդ, եւ քու վարձքդ պիտի ըլլայ շատ»:
«Աբրահամ» պատասխանեց.«Ո՜վ Տէր, Տէր Աստուած, ի՞նչ պիտի ընես ինծի, որովհետեւ կը կորսուիմ անորդի, առանց զաւակի: … Եւ քանի զաւակ չտուիր ինծի, ընդոծինը («ընտանիքին մէջ ծառայ ծնած եւ սնած սպասաւոր») պիտի ըլլայ իմ ժառանգորդս»…
«Անմիջապէս ձայնեց Աստուած եւ ըսաւ. «Այդ ընդոծինը պիտի չժառանգէ քեզ, այլ` ան, որ քեզմէ պիտի ելլէ, ի՛նք պիտի ժառանգէ քեզ: Երկինք նայէ՛ եւ թուէ՛ աստղերը, եթէ կրնաս թուել զանոնք: … Ուրեմն, այնպէս պիտի ըլլայ քու զաւակդ»:
– Եւ ներշնչեալ կենսագիրը կը վկայէ, եւ մենք կ՛ընդունինք անոր վկայութեան ճշմարտացիութիւնը. «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ եւ (այդ հաւատքը) անոր համարուեցաւ իբր արդարութիւն» (Ծն. 15,1-6), այսինքն` սրբութիւն:
Ութերորդ դէպքը: «Աբրահամ» իննսունինը տարեկան էր, երբ Աստուած անոր կատարեց ամէնէն երկար եւ ամբողջական խոստումը` նախ եւ առաջ, սակայն, յստակ պայմանը դնելով.«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ: Ինծի հաճոյ եղի՛ր եւ անարատ մնացի՛ր իմ առջեւս: Եւ Ես պիտի բազմացնեմ շա՜տ, շա՛տ: Ահաւասիկ իմ ուխտս քեզի հետ: Պիտի ըլլաս հայր ազգերու բազմութեան եւ այսուհետեւ անունդ պիտի չըլլայ «Աբրահամ», այլ` քու անունդ պիտի ըլլայ «Աբրահամ», որովհետեւ քեզ կարգեցի հայր բազմաթիւ ազգերու» (Ծն. 17,1-6):
– «Աբրահամ» հաւատաց Աստուծոյ խոստումին եւ գործադրեց «ուխտի» համաձայնութեան արտաքին պայմանը` թլփատութիւնը:
Իններորդ դէպքը: Օր մը, Աստուած ըսաւ «Աբրահամ»-ին.«Սարա կնոջդ անունն այլեւս պիտի չկոչուի «Սարա», այլ` «Սառա» պիտի ըլլայ անոր անունը, եւ պիտի օրհնեմ զինք, որմէ քեզի պիտի տամ որդի մը, զոր պիտի օրհնեմ» (Ծն. 17,15-16):
– Իր սրտին մէջ գոհունակութեամբ ծիծաղած նահապետը հաւատալով Տիրոջ` հաւաքեց իր բոլոր տնեցիները եւ անոնց հաղորդեց Աստուծոյ խոստմնալից պատգամները:
Այնճար, 17 մարտ 2013

