Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանրապետութեան Միւֆթիին Կը Շեշտէ Միասնականութեան Ամրապնդման Հրամայականը
Շաբաթ, 23 մարտ 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանէ եւ դոկտ. ժան Սալմանեանէ, այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի: Հանդիպման ընթացքին միւֆթին պատուիրակութեան պարզեց մանրամասնութիւնները Տար Ֆաթուայի առնչուած վերջին իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս երկու շէյխերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն:
Պատուիրակութիւնը նախ փոխանցելով վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւնը դատապարտեց կրօնականներուն դէմ եղած նման արարքները, շեշտեց կրօնական կեդրոններու, արժէքներու եւ անձերու նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ ներքին միասնականութեան ամրապնդման ճամբով հեռու մնալու համայնքային թէ քաղաքական զգայնութիւններ յառաջացնող փորձերէ:
CATEGORIES Գաղութային

