Ճատրակ. 6, 7 Եւ 13, 14 Ապրիլին` Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւնը
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրիի հետ նախորդ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով փորձեցինք որոշ լուսաբանութիւններ ունենալ, ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան:
Ան «ԱԶԴԱԿ»-ի մարզական էջի խմբագիրին յայտնեց, որ թէեւ այս շաբաթասկիզբին այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ յստակացած կ՛ըլլան, սակայն 8 եւ 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները շատ հաւանաբար աւարտին առաջին շաբաթավերջին:
Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկու շաբաթավերջերու վրայ` 6, 7 եւ 13, 14 ապրիլին, Ժամհուր վարժարանին մէջ:
Շաբաթ, 6 եւ կիրակի, 7 ապրիլին կրնայ պատահիլ, որ 8 եւ 10 տարեկան դասակարգի մրցումները աւարտին:
Անոնց զուգահեռ թէեւ պիտի սկսին 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներն ալ, սակայն անոնք պիտի աւարտին 13-14 ապրիլին:
Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը ճատրակի մարզիչներուն թելադրեց, որ անոնք պարտին իրենց աշակերտներուն սորվեցնել իւրաքանչիւր շարժում արձանագրել իրենց մօտ գտնուող թուղթերուն վրայ, որպէսզի որեւէ թիւրիմացութեան պարագային օրուան իրաւարարները փաստացի տուեալներու վրայ հիմնուելով տան իրենց որոշումները:
Այս ախոյեանութեան գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն, եթէ ընդհանուր քարտուղարը յստակացնէ զանոնք:

