Մարաթոն` Ուիսամ Իտի Նահատակութեան 6-րդ Տարելիցին Առիթով
Կիրակի, 24 մարտ 2013-ին, ներքին ապահովութեան ուժերը կազմակերպած էին 21 քմ վազքի մրցում մը: Մրցումը նուիրուած էր հազարապետ Ուիսամ Իտի նահատակութեան 6-րդ տարելիցին: Մրցումը կը հովանաւորէր հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի: Մրցումին կը մասնակցէին 800-էն աւելի երկսեռ մարզիկներ` լիբանանեան բանակէն, ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ մարզական ակումբներէն, ինչպէս նաեւ հաշմանդամներ: ՀՄԸՄ-ը կը ներկայացնէին Լեւոն Թաշճեան եւ Մանուկ Թելֆէեան:
Մրցումը սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:30-ին, լիբանանեան քայլերգով, Էշրեֆիէի Սասին հրապարակէն: Մարզիկները խանդավառութեամբ շրջեցան Պէյրութի արուարձանները ապա բռնեցին ծովեզերեայ շրջանը եւ հասան Տըպպայէի զինուորական կեդրոնը` հոն աւարտելով 21 քմ վազքը:
Ճամբան ապահովուած էր ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Իսկ Պուրճ Համուտի կամուրջէն մինչեւ Տըպպայէ ապահովութիւնը յանձն առած էին իգական սեռին պատկանող ոստիկանները, որոնք նաեւ կը հիւրասիրէին մարզիկները:
Տըպպայէի զինուորական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Սաատէի եւ զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:
ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան սոյն մարաթոնին կը մասնակցէր յաջորդաբար 6-րդ անգամն ըլլալով: Ան 21 քմ վազքին արձանագրեց 1 ժամ 45 վայրկեան արդիւնք մը: Ան իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց 3-րդ դիրքը: Լեւոն Թաշճեան ստացաւ իր տիտղոսն ու մետալը` ձեռամբ գնդապետ-զօրավար Սաատէի:

