Հաղորդագրութիւն
Ինչպէս յայտնած էինք մեր նախորդ հաղորդագրութեամբ, թէ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը հերթաբար պիտի հրատարակէ «Զաւարեան մատենաշար»-ի թուայնացուած տարբերակի բոլոր գիրքերը:
Այսօր, արդէն իսկ կը սկսինք մեր կայքէջին վրայ տեղադրելու «Զաւարեան մատենաշար»-ի Ա. շրջանի, առաջին թիւ` Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յեղափոխականի մտքերը» գիրքը:
Նշենք, թէ գիրքը կը բացուի ԶՈՄ-ի կողմէ ստորագրուած 2 էջնոց «Յառաջաբան»-ով մը, ուր կը բացատրուի երրորդ անգամ ըլլալով լոյս ընծայելու պատճառը, որուն կը յաջորդէ 6 էջնոց «Երկու խօսք»-ը, գրուած` Բ. հրատարակութեան առիթով: «Երկու խօսք»-ին մէջ կը յիշատակուին այդ ուսումնասիրութեան աղբիւրները: Ապա, Փիեռ Քիյարի գրութիւնը Քրիստափորի մասին:
«Յեղափոխականի մտքերը» կը բաղկանայ հետեւեալ 5 գլուխներէն.
Ա. «Ամբոխային տրամաբանութիւն»
Բ. «Պատմական չարիք»
Գ. «Միութիւն թուրքերի հետ»
Դ. «Հայ-քրտական յարաբերութիւններ»
Ե. «Կովկասահայ տագնապը»
«Յեղափոխականի մտքերը» կը բաղկանայ 208 էջերէ, որուն մէջ տեղ տրուած է նաեւ մեծարժէք լուսանկարներու:
Ինչպէս նշեցինք, գիրքին թուայնացուած տարբերակը այսօր տեղադրուած պիտի ըլլայ ԶՈՄ-ի կայքէջի «Հրատարակութիւններ/ մատենաշար» բաժինին մէջ:
Նշենք նաեւ, որ մեր նախորդ հաղորդագրութեան մէջ յիշած էինք, որ մատենաշարի աշխատանքները սկիզբ առած են 1981-ին, պէտք է ըլլայ 1971-ին: Թէեւ 1981-ին Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յեղափոխականի յուշերը», կ՛արժանանայ 4-րդ տպագրութեան:
ԶՈՄ-ի կայքէջի հասցէն է.- www.zavarian.org

