Արամ Ա. Կաթողիկոս Ողջունեց Հայ Մանուկները` Ծաղկազարդուած Անթիլիասի Մայրավանքէն

Կիրակի, 24 մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասը ծաղկազարդուած էր կրկին անգամ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներով Անթիլիասի մայրավանք համախմբուած էին` հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու տօնը Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին: Տարիներու ընթացքին հայ մանուկներու կեանքին մէջ ցնծութիւն յառաջացնող Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին առնչուած այս դէպքը բնական ընթացքով դարձած էր Մանուկներու օր: Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց այս երեւոյթը` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մանուկներու յատուկ թափօր կազմակերպելով եւ մանաւանդ հայ մանուկները իրենց ծնողներով ընդունելով վեհարանին մէջ եւ անոնց բաշխելով իր հայրական օրհնութիւնը:

Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ էին Ծաղկազարդի սուրբ եւ անմահ պատարագին` հարիւրաւոր մանուկներու կողքին: Օրուան պատարագիչն էր Նորայր եպս. Աշըգեան: Դպրեվանքի սարկաւագներուն ու սաներուն հետ միասին մանուկները մաս կազմեցին աւանդական թափօրին, զոր կը գլխաւորէր պատարագիչ սրբազանը:

Թափօրի աւարտին, վեհափառ հայրապետը վեհարանի պատշգամէն իր հայրական խօսքը ուղղեց մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած մանուկներուն ու ծնողներուն` ըսելով. «Ուրախութի՛ւն է մեզի համար տեսնել այս մանուկները համախմբուած Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Ուրախութի՛ւն է մեզի համար տեսնել մեր ծնողները, որ իրենց զաւակներուն ձեռքէն բռնած կ՛առաջնորդեն դէպի եկեղեցի: Ուրախութի՛ւն է մեզի համար տեսնել մեր մանուկներն ու ծնողները հաւատքի զօրաւոր մղումով հաւաքուած այստեղ` դիմաւորելու համար յաղթական Քրիստոսը: Եւ վստահ եմ, որ հիմա մեր Փրկիչը Քրիստոս կը հրճուի ի տես այս հրաշալի տեսարանին, որովհետեւ ինքն էր, որ մեծ սիրով ըսաւ. «Թոյլ տուէք մանուկներուն, որ ինծի գան»»: Ապա, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով կրթելու մեր զաւակները: Ան ըսաւ, որ «հայ ընտանիքը մեզի համար սրբութիւն է, որովհետեւ ան որոշ իմաստով եկեղեցի է, դպրոց է ու հայրենիք: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է հայ ընտանիք կազմենք. ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ծնողքը պէտք է իր առաքելութիւնը կատարէ` դաստիարակելով իր զաւակները: Եւ այս բոլորին մէջ, մեծագոյն պատասխանատուութիւնը հայ մօր պահուած է: Որովհետեւ հայ մայրերն են, որոնք իրենց զաւակները պիտի դաստիարակեն քրիստոնէական ու բարոյական առողջ սկզբունքներով: Հայ մայրերն են, որոնք պիտի կերտեն ապագայ սերունդները: Հա՛յ մայրերն են, որոնք իրենց զաւակներուն պիտի փոխանցեն մեր հոգեմտաւոր արժէքներն ու աւանդութիւնները»:

Վեհափառ հայրապետին հայրական խօսքէն ետք, պատարագը շարունակուեցաւ եւ մանուկները իրենց ծնողներուն հետ միասին վեհարան բարձրացան` ստանալու համար վեհափառին օրհնութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES