Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետը Այցելեց Այնճար

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ Այնճարի «Արցախ Ֆոնտ»-ի յանձնախումբին, շաբաթ, 23 մարտ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00 ին, Այնճարի կեդրոնական հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, որուն կ՛ընկերակցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, Արցախի գիւղատնտեսութեան ընդհանուր տնօրէն` Վահրամ Բաղդասարեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ աղ ու հացով կատարուեցաւ բարի գալուստի արարողութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում` այնճարցի դաշնակցական նահատակներու յուշարձանին:

Յակոբ Այնթապլեան ողջունեց հիւրերը եւ հաւաստիացուց անոնց, թէ Այնճարը միշտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու Արցախի բարգաւաճման ու զօրացման ծրագիրներուն:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան իր կարգին մեծ յարգանքով ողջունեց Այնճարի ժողովուրդը` ըսելով, թէ արցախցին բազմաթիւ  օրինակներ ունի քաղելիք Մուսա լերան հերոսամարտէն յաղթական դուրս եկած եւ մօտաւորապէս մէկ դարէ ի վեր գոյատեւող այս ժողովուրդէն: Ան աւելցուց նաեւ, որ Արցախը այժմ կ՛ապրի բարգաւաճ եւ զարգացած վիճակի մէջ ու կը շարունակէ պայքարիլ զինք շրջապատող թշնամիներուն դէմ:

Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում եւ հիւրասիրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES