Թուրքիոյ Հետ Նոր Էջ Մը Բանալ Խոստացող Պատգամով Օճալանի Պատմական Կոչը Կը Շարունակէ Իր Վրայ Կեդրոնացնել Կողմերու Հետաքրքրութիւնը

Թուրք պետութեան դէմ 30-ամեայ իր պայքարին մէջ, քիւրտ ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի կոչը` ուղղուած Թուրքիոյ թէ արտասահմանի իր զինեալներուն, կը շարունակէ իր վրայ կեդրոնացնել առնչակից կողմերու եւ դէտերու ուշադրութիւնը:

Ամերիկեան «Պրուքինկզ» հիմնարկը կոչ ուղղեց Թուրքիոյ արտօնելու, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) վերածուի քաղաքական կուսակցութեան, ինչ որ կրնայ նպաստել երկու կողմերուն:

Նոյն աղբիւրը նաեւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, որ ազատ արձակէ ՔԱԿ-ի բանտարկեալները թրքական բանտերէն` զգուշացնելով Թուրքիոյ վրայ շրջանային իրադարձութեանց եւ յատկապէս Սուրիոյ դէպքերուն հետեւանքներէն:

Թրքական Թէ Միջազգային Քաղաքական
Շրջանակներ
Կ՛Ողջունեն Օճալանի Քայլը

Անցեալ շաբաթավերջին շարունակուեցան Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի պատմական կոչին գծով դրական անդրադարձները:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչ ուղղեց խաղաղութեան հաստատման ու քաղաքական երկխօսութեան ձեռնարկման` հեռու զինեալ գործողութիւններէ: Անգարայի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովին ընթացքին կատարած իր յայտարարութեան մէջ Էրտողան ընդգծեց, որ պատրաստ է անվախօրէն ու մահուան գնով պայքարելու` ի խնդիր Թուրքիոյ ծառայութեան:

Փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտնեց, որ դրական նախանշաններ նկատած է Օճալանի կոչին մէջ` նշելով, որ անիկա մեծ յոյս կը ներշնչէ ահաբեկչութեան վերջ տալու ձգտող ճիգերուն: «75 միլիոն մարդիկ երջանիկ պիտի ապրին ահաբեկչութեան այս հարցի լուծման պատճառով», ընդգծեց Արընչ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ «մեծ գոհունակութեամբ» ողջունեց Օճալանի պատմական կոչը: «Այս քայլը մեծապէս պիտի նպաստէ Թուրքիոյ մէջ զինեալ բրտութեան կասեցման ճիգերուն», ընդգծեց Նուլընտ:

Միւս կողմէ, Օճալանի կոչի քրտերէնով ու թրքերէնով ընթերցման ընթացքին Տիգրանակերտի մէջ թրքական դրօշներու բացակայութիւնը խոր ընդվզում յառաջացուցած է թուրք քաղաքական կարգ մը շրջանակներու մօտ: Այս ծիրին մէջ, Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է. «Դէմքդ մի՛ խոժոռեցներ, քեզ մատաղ ըլլամ, ո՛վ «նազելի մահիկ», եւ թրքական հսկայական դրօշ կախել տուած է կուսակցութեան շէնքի ճակատին:

Իսկ Սէուտական «Օքազ» օրաթերթը, թրքական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավարներուն վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ Օճալան իր կոչին ընդմէջէն երեք պատգամներ յղած է Թուրքիոյ լեռներուն վրայ պայքարող իր զինեալներուն եւ Եւրոպայի իր քաղաքական թեւին: Երրորդ պատգամը կը կեդրոնանար զինադադարի ռազմավարութեան վրայ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Օճալանի հետ թրքական կողմի ուղղակի բանակցութեան մտնելու քայլը հետեւանք է այն իրողութեան, որ քիւրտ զինեալներ վեց ամիս առաջ հասած էին Տիգրանակերտէն 200 քմ արեւելք գտնուող շրջանները: Հետեւաբար, թրքական կողմը հարկադրուած էր բանակցելու, այլապէս ճակատումը անխուսափելի պիտի ըլլար, ինչ որ նոր զոհերու պատճառ պիտի դառնար:

Յայտնենք, որ 1999-էն ի վեր Պոլսոյ Իմրալի կղզիի բանտին մէջ ցկեանս արգելափակուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլա Օճալան 21 մարտին պատմական կոչով մը իր զինեալներէն պահանջեց վար դնել զէնքերը եւ հեռանալ Թուրքիայէն:

«Ժամանակները փոխուած են եւ անհրաժեշտ է այլեւս նոր էջ բանալ», ընդգծեց Օճալան` Նովրուզի տօնին առիթով իր ուղղած կոչին մէջ: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Ֆեսթերֆելլէ յայտնեց, որ Օճալանի այս քայլը Թուրքիոյ եւ քիւրտերուն միջեւ վստահութիւնը կ՛ամրապնդէ: «Կը մնայ, որ անոր այդ խօսքերը գործադրուին` դուռ բանալով քրտական հարցի քաղաքական լուծման եւ օրինական ձեւով քիւրտերու պահանջներու հատուցման», ընդգծեց Ֆեսթերֆելլէ:

Միջազգային ներումի կազմակերպութիւնը` «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ», իր կարգին կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` օգտագործելու առիթը եւ նախաձեռնելու քրտական հարցին քաղաքական լուծման: «Խաղաղութեան հաստատման առջեւ մարտահրաւէրներ կան, սակայն անոր իրագործումը անհրաժեշտութիւն է», ընդգծեց Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլի մէկ պատասխանատուն` նշելով, որ 1984-էն ի վեր ծայր առած քիւրտ-թրքական բախումներուն ցարդ զոհ գացած է 40 հազար հոգի:

Անմիջական հակազդեցութեան ծիրին մէջ, վարչապետ Էրտողան ողջունեց Օճալանի կոչը` անհրաժեշտ նկատելով, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներ կիրարկեն զայն: «Ատիկա հիմնական քայլն է», նշեց Էրտողան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES