Թուրքեւիսրայէլեան «Հաշտութիւն»-ը Թեր Ու Դէմ Կեցուածքներու Դուռ Կը Բանայ
Թուրքեւիսրայէլեան դիւանագիտական յարաբերութեանց նորագոյն բեմադրութիւնը նկատուող «հաշտութիւն»-ը ոմանց համար անակնկալ էր, իսկ ուրիշներու համար` նախապէս սերտուած ու կրկնուած քայլ մը:
Այս ծիրին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «հաշտութիւնը եղաւ այնպէս, ինչպէս որ մենք կ՛ուզէինք»: «Նեթանիահու – Էրտողան հեռաձայնային խօսակցութեան իւրաքանչիւր բառ սերտուած էր», ընդգծեց Տաւութօղլու` նշելով, որ ինք այս մասին տեղեակ պահած էր շրջանային թէ միջազգային առնչակից կողմեր: Ան յայտնեց նաեւ, թէ նմանապէս տեղեակ պահած է Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյմանը:
Նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի գլխաւոր խորհրդականներէն Էրշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ «հաշտութեան» այս քայլը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման:
Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ կարելի չէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել` առանց շօշափելի գործնական քայլեր նկատելու Իսրայէլի կողմէ: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան կատարած իր յայտարարութեան մէջ Էրտողան ըսաւ. «Թուրքիոյ առջեւ ճամբան տակաւին երկար է եւ պէտք է համերաշխութեամբ գործել ներքին խաղաղութեան իրականացման համար»:
Նշենք, որ կարգ մը աղբիւրներ յառաջիկայ օգոստոսին սուր բանավէճ կը նախատեսեն թրքական կառավարութեան եւ բանակին միջեւ` բարձրաստիճան պաշտօններու նշանակման գծով: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այդ բանավէճը կրնայ սուր տագնապ յառաջացնել երկրին մէջ:
ՄԻՒՍ կողմէ, Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն ձայնասփռուած յայտարարութեամբ մը ողջունեց թուրքեւիսրայէլեան «հաշտութիւն»-ը` միաժամանակ զարմանք յայտնելով, որ Իսրայէլ նոյն պայմանները առաջարկած էր Թուրքիոյ երկու տարի առաջ, բայց Թուրքիա մերժած էր…
Իսկ իրանեան զինեալ ուժերու ընդհանուր փոխհրամանատար զօր. Մասուտ Ժազայիրի նկատել տուաւ, որ «սիոնականներու կողմէ Թուրքիայէն ներման հայցը տեսակ մը ամերիկեան, թրքական ու իսրայէլեան խաղ է` ազդեցութիւն բանեցնելու համար շրջանին մէջ իսլամական դիմադրութեան վրայ»:
Իրանցի զօրավարը յիշեցուց, որ 2010-ին «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէպքը յատուկ դեր եւ կշիռք ընձեռած էր Թուրքիոյ` շրջանային իրադրութեանց հաւասարակշռութեան մէջ:

