Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Գերաստիճանի Նախօրեակին. Մաազ Խաթիպի Անակնկալ Հրաժարումը Առանցքը Կը Կազմէ Շրջանային Խորհրդակցութեանց
Այն միջոցին, երբ արաբ արտաքին գործոց նախարարներ կը պատրաստուին գերաստիճան մը գումարելու վաղը` երեքշաբթի, 26 մարտին, Տոհայի մէջ, Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպի հրաժարականը որոշ իրարանցում ստեղծեց արաբ շրջանակներու մօտ` առանցքը կազմելով պատասխանատուներու խորհրդակցութեանց:
Արդարեւ երէկ Խաթիպ անակնկալ կերպով իր հրաժարականը տեղադրեց դիմատետրի իր էջին վրայ` իբրեւ բողոք կարգ մը պետութեանց միջամտութեան Սուրիոյ ներքին յայտնապէս ակնարկելով Քաթարի: «Երկու տարիէ ի վեր կը մորթուինք, ու ոմանք տրամադիր են մինչեւ վերջին մանուկը զոհել Սուրիոյ մէջ», ընդգծեց Խաթիպ իր հրաժարականին մէջ: Ան որոշ վերապահութիւն յայտնած էր «Իսլամ եղբայրներու մօտիկ» Ղասսան Հիթոյի առժամեայ վարչապետ ընտրութեան գծով:
Խաթիպի հրաժարականին առնչութեամբ արձագանգները չուշացան. Սուրիոյ Ազգային համաձայնական մարմինը մերժեց այդ հրաժարականը:
Սուրիացի ընդդիմադիր Հայսամ Մաննահ Խաթիպի հրաժարումը նկատեց Թուրքիոյ եւ Քաթարի կեցուածքը տկարացնող քայլ մը` նշելով, որ ընդդիմութիւնը «կաղ վիճակով» պիտի ներկայանայ Տոհայի արաբական վեհաժողովին:
«Ռուսիա Եոմ» կայանը յայտնեց, որ այս վեհաժողովը պիտի յաջողի, հակառակ ընդդիմադիր ուժերու ձախողութեան փորձերուն:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի ցաւ յայտնեց Խաթիպի հրաժարականին գծով` մաղթելով, որ Խաթիպ վերատեսութեան ենթարկէ իր հրաժարականի որոշումը:
Միւս կողմէ, Նեպիլ Արապի պահանջեց արաբական խաղաղարար ուժեր առաքել Սուրիա: Ան Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ Պըն Ժասեմ Ալ Թանիի հետ արտակարգ հանդիպում մը ունեցաւ Խաթիպի հրաժարականի քննարկման համար: Հանդիպման միացաւ նաեւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Քամել Ամրոն: Քաթարցի նախարարը իր կարգին ցաւ յայտնեց Խաթիպի հրաժարումին համար` մաղթելով, որ ան վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը:
Ալճերիա «զօրաւոր պատգամ» նկատեց Խաթիպի հրաժարումը:
Բրիտանիա մաղթեց, որ Խաթիպ շարունակէ իր առաքելութիւնը` նոյնիսկ իր հրաժարումէն ետք:
Սուրիական Ազատ Բանակը, Խաթիպի հրաժարականին բացայայտումէն անմիջապէս ետք յայտարարեց, որ կը մերժէ ճանչնալ սուրիական ընդդիմադիր կառավարութեան առժամեայ վարչապետ Ղասսան Հիթոյի (ծագումով քիւրտ) նշանակումը` զայն օտար ուժերու «խամաճիկ» որակելով:
Նշենք, որ Հիթօ երէկ առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Հալէպ` մօտէն հետեւելու դէպքերու զարգացումին:
Խաթիպի հրաժարումով հարց կը ծագի, թէ ո՛վ պիտի ներկայացնէ սուրիական ընդդիմութիւնը վաղը Տոհայի մէջ տեղի ունենալիք արաբական վեհաժողովին ընթացքին: Նախապէս արաբ դիւանագէտ մը «Ռայ» թերթին յայտնած էր, որ Խաթիպ պիտի «նստի» նախագահ Պաշշար Ասատի աթոռին` վեհաժողովին ընթացքին:
Արաբական վեհաժողովի աղբիւրներ պաշտօնապէս հրաւիրած են Խաթիպն ու Ղասսան Հիթոն` մասնակցելու սոյն վեհաժողովին:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Մաազ Խաթիպ երկու ամիս առաջ կը մտադրէր իր հրաժարականը ներկայացնել, սակայն Քաթար համոզած է զինք յետս կոչելու իր այդ քայլը` ամբողջական զօրակցութիւն խոստանալով անոր քայլերուն:

