Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, որ Տոհայի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկեց Լիբանանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու յատուկ թուական մը պիտի ճշդէ Ս. Զատկուան տօնէն ետք:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, կան վտանգաւոր տուեալներ, որոնց հիման վրայ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անդունդ:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար յայտնեց, որ ինք վարչապետի պաշտօնին մնայուն թեկնածու է` աւելցնելով, որ ինք միայն համախոհութեան ընդմէջէն է, որ կ՛ընդունի այդ պաշտօնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա այցելած է վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցած է հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ անոր հրաժարելու քայլը ողջունելի ու դրական նկատած:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ժըպրան Արայժի յայտնեց, որ Միքաթիի հրաժարականը ուղղակիօրէն կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ուղղուած` Լիբանանի չէզոք կեցուածքը փոփոխութեան ենթարկելու կոչին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ կառավարութեան հրաժարականը կը փաստէ, թէ անոնք, որոնք պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն, փախուստ կու տան այդ պարտականութենէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստը ազգային անհրաժեշտութիւն դարձած է` ճակատագրական այս պահուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Պեզզի նշեց, որ թերեւս կառավարութեան հրաժարականը պէտք է նկատել փրկութեան դուռ մը, ինչպէս նաեւ ամենայն բարիքի համար ուղի մը:

«Լիուա» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը մտածեն Մոհամետ Սաֆատիի անունը առաջադրել վարչապետի պաշտօնին համար:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Մուքթատա Սատըր կը գտնուի Լիբանան` Իրաքի մէջ տիրող ապահովական ապակայունութեան պատճառով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախքան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականը, Հըզպալլա անոր յայտնած է, որ ան կրնայ կատարել այն, ինչ որ յարմար կը գտնէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը կ՛ուզէ փաստել, որ ինք ի վիճակի է պայթեցնելու Լիբանանի ապահովական կացութիւնը:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի իսլամական խորհուրդները յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, որովհետեւ ան իմացաւ Լիբանանի դէմ նիւթուող դաւադրութիւններուն իսկութեան մասին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի հրաժարելու իր որոշումը տուած է այն պահուն, երբ ան իմացած է, թէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութիւնը պիտի չերկարաձգուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պէտք է ենթահող ունենայ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան ապահովական ապակայունութեան մէջ պիտի չիյնայ` աւելցնելով, որ իրենք կապի մէջ պիտի մնան ապահովական կառոյցներուն հետ` գետնի վրայ գործելու եւ երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը ապահովելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականը չափ ու սահման դրաւ նախարարաց խորհուրդին մէջ մեծամասնութեան նախարարներուն յեղաշրջումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES