Զօր. Աուն. «Կառավարութեան Հրաժարականը Մեզի Չնեղացուց, Որովհետեւ Անոր Ընթացքին Մասին Մենք Շարք Մը Վերապահութիւններ Ունէինք»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ Միքաթիի հրաժարականը զիրենք թէ՛ զարմացուցած է եւ թէ՛ չէ զարմացուցած, «սակայն անոր հրաժարելուն պատճառները անհեթեթ էին», աւելցուց ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան հրաժարականէն չեն նեղացած, որովհետեւ իրենք անոր ընթացքին եւ գործունէութեան առնչութեամբ շարք մը վերապահութիւններ ունէին:
Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ քրիստոնեայ համայնքը կտրականապէս կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու անոր դաշնակիցները յաջողութեան կարելիութիւններ չունին, բացի 1960-ի ընտրական օրէնքին եւ կամ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու ընդմէջէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

