Միքաթի. «Վարչապետի Պաշտօնը Վերստանձնելու Առումով Նախապայմաններ Ունիմ»

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կան բազմաթիւ պատճառներ, որոնք զինք մղած են հրաժարելու իր պաշտօնէն` աւելցնելով, որ հորիզոնին վրայ լուծումներ չեն երեւիր, այլ յաւելեալ տագնապներ, որոնք կը մօտենան Լիբանանին:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի շեշտեց, որ իբրեւ ընթացիկ աշխատանքներ կատարելու կառավարութեան նախագահ, ինք պիտի մնայ վարչապետարանին մէջ եւ պիտի հետապնդէ իր աշխատանքները:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք որոշ նախապայմաններ պիտի ունենայ` վարչապետի պաշտօնը վերստանձնելու առումով:

Ան աւելցուց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացած է նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայէն եւ  Սաատ Հարիրիէն, որոնք շնորհաւորած են զայն իր առած յանդուգն քայլին համար:

Միքաթի նշեց նաեւ, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է նաեւ կարգ մը մեծ պետութիւններու դեսպաններուն հետ եւ անոնց բացատրած իր հրաժարականին դրդապատճառները:

 

Share this Article
CATEGORIES