Ռաատ. «Միքաթի Փափաքեցաւ Առաջքը Առնել Հաստատութեան Մը Մէջ Ստեղծուելիք Անիշխանութեան»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ ներկայացուած հրաժարականը իրենց համար երբեք անակնկալ մը չէր` աւելցնելով, որ այս կառավարութեան կազմութենէն ի վեր իրենք գիտէին, թէ այդ կազմը պիտի իշխէ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստական հանգրուանը:
Ռաատ նշեց, որ հրաժարականին հիմնական պատճառը այն չէ, որ կառավարութիւնը մերժած է երկարաձգել պաշտօնեայի մը գործունէութեան հանգրուանը, այլ` այն, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւը պահպանելու առումով ոչինչ ունի տրամադրելիք, կամ կը նախազգայ, թէ Լիբանանը փոթորիկներու պիտի ենթարկուի, «հետեւաբար ան փափաքած է ինքզինք զանց կացուցել` որդեգրուած չէզոք կեցուածքէն», ըսաւ ան:
Ռաատ շեշտեց, որ Միքաթի փափաքած է նաեւ առաջքը առնել հաստատութեան մը մէջ ստեղծուելիք անիշխանութեան, «սակայն ան իր հրաժարականով քաղաքական եւ ապահովական անիշխանութեան ենթարկած է ամբողջ Լիբանանը», նշեց Ռաատ:
Ռաատ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է համոզուին, որ իրենք չեն կրնար շրջանը հարուածող ցնցումները դիմակայել, եթէ նուազագոյն սկզբունքներուն, յատկապէս` «բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին շուրջ համախոհութիւն չգոյացնեն:
Ռաատ կոչ ուղղեց վերջ տալու երկրին մէջ հնչող համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւններ հրահրող աղմուկին` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու համար պէտք է կառչած մնալ յատկապէս բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազին, «իսկ ո՛վ որ կը զգայ, թէ շրջանին ցնցումները կրնան թիրախ դարձնել նաեւ Լիբանանը, Դիմադրութենէն չի՛ հրաժարիր եւ կամ անոր կռնակ չի դարձներ», ըսաւ Ռաատ:

