Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Վերադառնալու Ազգային Երկխօսութեան Եւ Մշակելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց  Ծաղկազարդի տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` նշելով, որ եկեղեցին եւ քաղաքական իշխանութիւնները կոչուած են գործելու լիբանանցի քաղաքացիին սիրոյն, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու ընկերային արդարութիւններն ու պաշտպանելու Լիբանանն ու անոր արժանապատուութիւնը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ եկեղեցին երկրին քաղաքական հարցերուն միջամուխ չի դառնար, սակայն կոչ կ՛ուղղէ երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն` գործելու ի շահ Լիբանանի գերագոյն շահերուն եւ արդարութիւն պարտադրելու:

«Կոչ կ՛ուղղենք Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն նկատի ունենալու երկրին մէջ տիրող վտանգաւոր կացութիւնը եւ վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին` կատարեալ պատասխանատուութեամբ եւ ազգային խիղճով, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել կարողութիւններ ունեցող կառավարութիւն մը, որ կը վայելէ լիբանանցիներուն համաձայնութիւնը եւ որ կ՛աշխատի վաւերացնելու ընտրական նոր օրէնքը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգին սկզբունքները:

Ռայի պատրիարքը կարեւոր նկատեց կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կը հակակշռէ երկրին ապահովական կայունութիւնը ներքին առումով եւ սահմաններուն վրայ, յատկապէս Սուրիոյ հետ սահմաններուն պարագային, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ Լիբանանի Ազգային ուխտը եւ երկրին տնտեսութիւնը կը բարգաւաճեցնէ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ արգիլէ Լիբանանը վերածել դէպի այլ երկիրներ փոխադրուող զէնքի անցքի մը կամ պահեստանոցի մը, ինչպէս նաեւ պահպանել Լիբանանի դրական չէզոքութիւնը եւ կանխարգիլել զայն շրջանային եւ միջազգային զինուորական գործողութիւններու վայր դարձնելու հաւանականութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակչութեան վերջ տալու զինեալ բախումներուն եւ արիւնահեղութեան, ինչպէս նաեւ հեռու մնալու Սուրիոյ տագնապէն:

Share this Article
CATEGORIES