Բանակին Ջանքերուն Շնորհիւ Ժապալ Մըհսենի Եւ Պապ Թըպպանէի Մէջ Զգուշաւոր Լռութիւն
Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները, կրակոցները, ռումբերու արձակումն ու արձակազինութիւնը շարունակուեցան մինչեւ կիրակի առաւօտ, երբ լիբանանեան բանակը աւարտեց Պապ Թըպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ իր որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն գործադրումը, ինչպէս նաեւ վերաբացուեցան կարգ մը փողոցներ, յատկապէս «Սուրիա» կոչուող փողոցը, ուր արձակազինութիւնը վերջ գտաւ:
Նախորդ 48 ժամուան ընթացքին արձանագրուած բախումները պատճառեցին 7 զոհեր եւ վիրաւորեցին 45 ուրիշներ:
Բանակին ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ Թրիփոլիի մէջ զգուշաւոր լռութիւն հաստատել:
Շարպել Կ՛ուղղուի Թրիփոլի
Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել անցեալ շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Թրիփոլի, որուն սերային մէջ ան նախագահեց ապահովական ուժերուն նիստին` քննարկելու համար Թրիփոլիի ապահովական իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Շարպել շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները պէտք է անմիջապէս վերադառնան Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ այսօր իսկ կազմեն համախոհութեան կառավարութիւն մը:
Շարպել ըսաւ, որ լիբանանեան խորհրդարանի 128 երեսփոխանները պէտք է մերժեն Թրիփոլիի մէջ զինեալ ոեւէ կողմ հովանաւորել` աւելցնելով, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները շրջանային բնոյթ ստացած են:

