Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Կայացման Քննարկումները Պէտք Է Անմիջապէս Կատարուին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է անմիջապէս վերսկսիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հրաւիրած լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին` քննարկելու համար կառավարութեան կազմութեան եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման կարելիութիւնները:

Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին նախարար Ուսամա Սաատը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան հրաժարականին լոյսին տակ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Սաատ յայտնեց, որ Պըրրի յոյս յայտնած է, որ կառավարութեան հրաժարականով կարելի ըլլայ վերսկսիլ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը վտանգաւոր հետեւանքներէ փրկել:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ տեղեկատուական հարցերու իր խորհրդականին` Ալի Համտանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES