Նախագահ Սլէյման Ստանձնեց Միքաթիի Հրաժարականը Եւ Քերրիէն Իմացաւ Օպամայի Ողջոյնները

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ իր գրաւոր հրաժարականը յանձնեց նախագահ Սլէյմանի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան` անոր աշխատանքներուն համար եւ անկէ խնդրեց շարունակել իր ընթացիկ աշխատանքները, մինչեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իր հրաժարականը անձնական որոշումով տուած է եւ ոչ ոք տեղեակ պահած է այդ մասին, որպէսզի ճնշումներու չենթարկուի:

Միքաթի յայտնեց, որ կարեւորագոյնը լիբանանցիներուն միասնականութիւնն է եւ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսումը, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել Ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը:

Սլէյման – Քերրի Հեռաձայնային
Հաղորդակցութիւն

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Քերրի նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ողջոյնները եւ գնահատանքը` Սլէյմանի կողմէ Պաապտայի յայտարարութեան բանաձեւերը գործադրելու եւ Սուրիոյ տագնապին Լիբանան փոխադրութեան առաջքը առնելու առումով:

Քերրի զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու ջանքերուն` ի յարգանս երկրին սահմանադրութեան ճշդած ժամկէտին:

Ան զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Սուրիայէն Լիբանան հասնող գաղթականներուն կարիքները հոգալու Ուաշինկթընի օժանդակութեան:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Քերրիի զօրակցական կեցուածքներուն համար` ընդգծելով, որ Լիբանան կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման, հեռու` արիւնահեղութենէն, բռնարարքներէն եւ զինուորական արտաքին միջամտութիւններէ:

Նախագահ Սլէյման իր ողջոյնները փոխանցեց նախագահ Օպամայի:

Միջազգային Հակազդեցութիւններ

Լիբանանի կառավարութեան հրաժարականին նկատմամբ արձանագրուեցան միջազգային հակազդեցութիւններ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մաղթեց, որ Միքաթիի հրաժարականէն ետք Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանուի, լիբանանցիները միասնական մնան եւ երկիրը կառչած մնայ իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած չէզոք կեցուածքին:

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Քեթրին Էշթըն մտահոգութիւն յայտնեց, որ Միքաթիի հրաժարականէն ետք Լիբանանի մէջ կացութեան վատթարացման հաւանականութիւնը կը բարձրանայ: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան` սահմանադրութեան հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու եւ առաջքը առնելու Լիբանանը անիշխանութեան մատնելու հեռանկարին:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը միասնաբար պէտք է գործակցին` կազմելու համար համախոհական նոր կառավարութիւն մը:

Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Միքաթիի հետ եւ մաղթած, որ անոր հրաժարականը երկրին մէջ անիշխանութիւն չստեղծէ:

 

Share this Article
CATEGORIES