«Հայոց Ցեղասպանութիւն. Մարտահրաւէրներ 100-ամեակի Նախաշեմին» Գիտաժողովը Վերջ Գտաւ
Երեւան գտնուող «Ազդակ»-ի խմբագիրները, որոնք կը մասնակցին «Հայոց ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ 100-ամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին, տեղեկացուցին, որ շաբաթ, 23 մարտին գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները: Օրուան առաջին նիստին խորագիրն էր «Հայոց ցեղասպանութիւն. յիշողութեան պահպանման հրամայականը». զեկուցումներով հանդէս եկան Յարութիւն Մարութեան, Ռուբինա Փիրումեան, Վահէ Թաշճեան, Միհրան Տապաղ եւ Ստեփան Աստուրեան:
Յայտնենք, որ նոյն օրը աւելի ուշ վերջ գտաւ սոյն երկօրեայ միջազգային գիտաժողովը:
CATEGORIES Հայկական

