Ճատրակ. Արոնեան – Քարլսըն` 0,5-0,5

Լոնտոնի մէջ երէկ տեղի ունեցան ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տոմս մը ապահովելու պայքարի մրցաշարքի 8-րդ հանգրուանի հանդիպումները:

Գագաթի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեանն ու նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընը, 41-րդ շարժումին աւարտեցաւ 0,5-0,5 հաւասարութեամբ: Արոնեան կը մրցէր սեւ քարերով:

Անոնց միջեւ առաջին մրցումը եւս (Ա. հանգրուան) աւարտած էր հաւասարութեամբ:

Նշենք, որ 7-րդ հանգրուանին հաւասարութեամբ աւարտած էին բոլոր հանդիպումները, որոնց կարգին` Լեւոն Արոնեան – Ալեքսանտր Կրիսչուք (Ռուսիա) հանդիպումը:

Այժմ, Քարլսըն եւ Արոնեան ունին 5,5-ական կէտ, իսկ Վլատիմիր Քրամնիք` 4,5 կէտ:

Ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապով երէկ պարտուեցաւ Պորիս Կելֆանտէն (Իսրայէլ):

 

 

Share this Article
CATEGORIES