2014-ի Մոնտիալ. Վաղը` Ուզպեքիստան – Լիբանան

2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով, վաղը` երեքշաբթի, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Ասիոյ գօտիին մէջ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի Ուզպեքիստանի դէմ:

Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով, տեղի պիտի ունենայ Ուզպեքիստանի մէջ գտնուող «Սետշըն» նորակառոյց դաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 35 հազար հանդիսատես:

Ուզպեքիստան կը գրաւէ Ա. խմբակին առաջին դիրքը` 8 կէտով, իսկ Լիբանան ունի 4 կէտ:

Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը նախորդ շաբաթավերջին անձնական օդանաւով ժամանեց Թաշքենտ եւ իր փորձերուն սկսաւ գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքըրի հսկողութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES