ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԱՂԷՏԻ 63-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿ – ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

«Պաղեստին վերադարձ»ի օրուան ցոյցին մասնակիցներ` Կազայի մէջ

Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակին եւ Պաղեստինեան աղէտի 63-ամեակը նշող պաղեստինցիներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին տասնեակներով վիրաւորներ արձանագրուեցան:

Հիւսիսային Կազայի Պէյթ Հանուն անցքին մօտ 65 պաղեստինցիներ վիրաւորուեցան: Ցուցարարները դէպի անցք կ՛ուղղուէին, երբ իսրայէլեան դիրքերէն կրակոցի ենթարկուեցան: Հետագային հաղորդուեցաւ, որ արձանագրուած է զոհ մը եւ 90 վիրաւոր:

Այսրյորդանանի մէջ Երուսաղէմի եւ Ռամալլայի միջեւ գտնուող Քալանտիա անցարգելին մօտ իսրայէլեան ուժերը կրակ բանալով վիրաւորեցին 150 պաղեստինցիներ եւ ձերբակալեցին շարք մը արաբներ: Նոյնպիսի բախում մը տեղի ունեցաւ Ռամալլայի հիւսիսը գտնուող Աթարա անցարգելին վրայ, ուր դարձեալ վիրաւորներ արձանագրուեցան:

Ռամալլայի մէջ Պաղեստինեան աղէտի 63-ամեակին առիթով աննախադէպ բազմամարդ քայլարշաւներ տեղի ունեցան: Կարգ մը ցուցարարներ Քալանտիա անցարգել ուղղուեցան` փորձելով Երուսաղէմ հասնիլ, սակայն իսրայէլեան ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ անոնց: Քայլարշաւին մասնակիցները կը բացագանչէին. «Ժողովուրդը կը պահանջէ բռնագրաւումին վերջ տալ», «Ո՛չ տունդարձի իրաւունքէն զիջելուն»:

 

Share this Article
CATEGORIES