ՌԱՉԻՆՍՔԻ. «ՆՊԱՏԱԿԱՅԱՐՄԱՐ ՉԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՓՆՏՌԵԼ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԷՆ ԴՈՒՐՍ»
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին, Հայաստանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Զտիսլավ Ռաչինսքի լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծեց, որ ղարաբաղեան հարցի լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձ զիջումներու, միջազգային մասնակցութեան եւ բարի կամքի դրսեւորման վրայ:
Դեսպանը նշեց, որ ժամանակին հարցի լուծումը մօտ եղած է, սակայն իրականութիւն չէ դարձած երկու պետութիւններուն ներքին խնդիրներուն եւ տրամադրութիւններուն պատճառով: Ան նաեւ ընդգծեց, որ նպատակայարմար չէ հարցին լուծումը փնտռել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն դուրս այլ կառոյցներու մէջ, քանի որ ատիկա կը խանգարէ բանակցային հոլովոյթը:
CATEGORIES Հայկական