ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտիի, մեկնեցաւ Փարիզ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Օմանէն անձնական օդանաւով վերադարձաւ Պէյրութ:
ՌՈՒՄԻԷԻ բանտին մէջ 585 արգելափակեալներ վերջ տուին իրենց յայտարարած հացադուլին` իրենց պահանջներուն գործադրութեան առումով ստացած խոստումներուն շնորհիւ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ յատուկ երեսփոխանական աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վրայ ամերիկեան ճնշումներ բանեցուած են, եւ անոնց պատճառով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յապաղում արձանագրած է: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի յայտարարուէր շաբաթասկիզբին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է 4 յանցագործներ, որոնք խոստովանած են դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգելու յանցանքով»:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի պատասխանատու են կառավարութեան կազմութեան ընթացքին կասեցման:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտ «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք յաջորդ կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները անպայման իրենց հետեւանքները պիտի ունենան Լիբանանի վրայ: