ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՍՔ` ԹԱԼՔԱԼԱԽԷՆ ՈՒԱՏԻ ԽԱԼԵՏ

Սուրիական Թալքալախ գիւղաքաղաքին մէջ շարունակուող բախումներուն պատճառով, մեծ թիւով սուրիացի քաղաքացիներ գաղթեցին դէպի հիւսիսային Լիբանանի Ուատի Խալետ շրջանը:

Աւելի քան 400 սուրիացի ընտանիքներուն Ուատի Խալետ ուղղուելու ընթացքին արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ վիրաւորուեցան 3 ուրիշներ:

Արձանագրուած զոհը կին մըն էր, որ գլուխէն կոյր փամփուշտ մը ստացած էր Պաքիաայէն անցնելու ընթացքին. վիրաւորուած էին նաեւ սուրիացի աղջնակ մը, լիբանանցի զինուոր մը եւ Ուատի Խալետի բնակիչներէն մէկը:

Սուրիական իշխանութիւններուն պահանջով դէպի Ուատի Խալետ անցքը փակուեցաւ, միւս կողմէ` լիբանանեան բանակը ստանձնեց երկու սուրիացի վիրաւոր զինուորներ, որոնք փոխադրուեցան հիւանդանոց: Անպաշտօն տեղեկութիւններ աւելի ուշ յայտնեցին, որ սուրիացի զինուորներէն մէկը մահացած է:

Ուատի Խալետի մէջ բանակը եւ Կարմիր խաչի շտապ օգնութեան ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը աշխուժօրէն գործեցին` ապահովութիւն ընծայելով սուրիացի գաղթականներուն, եւ սրտբաց հիւրընկալեցին զանոնք` տրամադրելով սնունդ, բուժօգնութիւն եւ կեցութեան վայր:

Միւս կողմէ, գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրահանգով Աքքար հասան մարդասիրական օժանդակութիւններ, որոնք սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուեցան ընկերային հարցերու գործավար նախարար Սելիմ Սայէղի եւ շրջանի երեսփոխաններուն կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES