ՌԱՀՄԷ ԿԸ ԴՐՈՒԱՏԷ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ռահմէ դրուատեց Ռուսիոյ դերակատարութիւնը` Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն վերաբերեալ:
Ռահմէ նկատել տուաւ, որ Մոսկուայի կեցուածքները իմաստուն են եւ ողջունելի` աւելցնելով, որ անոնք կը փաստեն, թէ Ռուսիա յանձնառու է շրջանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Ռահմէ նաեւ ընդգծեց, որ այս հանգրուանին Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը խախտելու քայլերուն հետեւանքը կրնայ ամբողջ Միջին Արեւելքը կրել:
Իր կարգին, Ռուսիոյ դեսպանը ողջունեց միջպաղեստինեան հաշտութիւնը եւ անոր ունեցած դրական ազդեցութիւնը` Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթին վրայ:
Զասպիքին շեշտեց նաեւ, որ Մոսկուա անհամբեր կը սպասէ Սուրիոյ մէջ արձանագրուելիք բարեկարգումներուն: